Բաբայեան. «Սահմանին Վրայ Արտառոց Զարգացում Չկայ»

Դաւիթ Բաբայեան

Դաւիթ Բաբայեան

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի բանբեր Դաւիթ Բաբայեան «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ սահմանին վրայ  արտառոց զարգացում չկայ: Ըստ Բաբայեանի, իրենք պատրաստ են որեւէ գործողութեան, որովհետեւ ամէն օր կրնայ դէպք մը պատահիլ, որովհետեւ ազրպէյճանական կողմը նախագահներու հանդիպումներէն առաջ եւ ետք  իրավիճակը կը փորձէ ապակայունացնել: «Աւելի՛ն`  Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանի Ստեփանակերտի նստավայրին մէջ երկուշաբթի սկսաւ ազրպէյճանցի հետախոյզներու դատավարութիւնը: Բնական է, որ դրացի պետութիւնը կրնայ դիմել սադրիչ գործողութիւններու, սակայն մենք միշտ պատրաստ ենք նման զարգացումներու», ըսաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի բանբերը:

Share this Article
CATEGORIES