Սլաք. Թրիփոլիի Եւ Տըննիէի Մէջ Ահաբեկիչ, Իսկ Աքքարի Մէջ Ֆալաֆելի Սենտուիչ
ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Մինչ լիբանանեան բանակը անցեալ շաբաթավերջին Թրիփոլիի, Մընիէի եւ Տըննիէի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքար կը մղէր, Աքքար ամբողջովին այլ մթնոլորտի մէջ էր…
Աքքարցիները ծրագրած էին պատրաստել ֆալաֆելի ամէնէն երկար սենտուիչը եւ նոր մրցանիշ մը հաստատելով մուտք գործել համաշխարհային մրցանիշներու «Կինես»-ի գիրքին մէջ:
Այսպէս, կիրակի, 26 հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Աքքարի Ժտէյտէ գիւղաքաղաքին մէջ սկսան պատրաստուիլ ֆալաֆելի սենտուիչը, որուն երկարութիւնը հասաւ 45 մեթրի, իսկ լայնքը` 20 սանթիմեթրի, գերազանցելով նախորդը, որ 5 մեթր երկարութիւն եւ 20 սանթիմեթր լայնք ունէր:
Ֆալաֆելի այս հսկայ սենտուիչը պատրաստեցին 70 երիտասարդներ, օգտագործելով 120 կապոց հաց, 825 ֆալաֆել, 15 քիլոկրամ լոլիկ, 50 կապ ազատքեղ, 10 քիլոկրամ շողգամի թթուաշ, 10 քիլոկրամ վարունգի թթուաշ, 25 հատ հազար, 10 քիլոկրամ թահինի թացան եւ 20 քիլոկրամ ձէթ:
Խաղաղ եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ իրականացած այս նախաձեռնութիւնը ապրելու եւ գոյատեւելու լիբանանցիին կամքին մէկ պատառիկն է: Աշխարհը սարսափի մատնած ՏԱՀԵՇ-ի հետեւորդներուն շատ մօտիկ գտնուելու ճշմարտութիւնն իսկ լիբանանցին ահ ու դողի ենթարկելու փոխարէն, զայն մղած է կապուած մնալու կեանքին, լիբանանեան իր աւանդներուն եւ համաշխարհային նոր մրցանիշ մը հաստատելու:
Հարկ է նշել նաեւ, որ Աքքարի մէջ պատահածը վտանգները անտեսելու կամ ջայլամի քաղաքականութեամբ առաջնորդուելու մարմաջէն մղուելով չէ որ իրականացած է, այլ` այդ նախաձեռնութեան աւարտին ողջոյնի խօսքեր ուղղուած են լիբանանեան բանակին հասցէին եւ գնահատանքներ հնչած` երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը ապահովելու անոր ջանքերուն նկատմամբ:

