«Էն. Պի. Էյ.». Լէյքըրզ Դարձեալ Պարտուեցաւ. Պրայընթ Նշանակեց 31 Կէտ

1030_Lakers-Bryant«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 2-րդ օրուան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան 12 ճակատումներ:

Լոս Անճելըս Լէյքըրզ կրեց իր երկրորդ յաջորդական պարտութիւնը, այս անգամ` Ֆէոնիքս Սանզէն` 119-99 արդիւնքով:

Հակառակ իր կազմին կրած այս պարտութեան, Լէյքըրզի մարզիկներէն Քոպի Պրայընթ նշանակեց 31 կէտ:

Առաջին մրցումը, որ աւարտեցաւ երկարաձգման ընթացքին, եղաւ Շարլոթ Հոռնեթց – Միլուոքի Պաքս հանդիպումը` ի նպաստ առաջինին` 108-106 արդիւնքով:

Նշենք, որ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Օքլահոմա Սիթիի մարզիկներէն Ռասըլ Ուեսթպրուք (38 կէտ), թէեւ անոր կազմը 106-89 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզէն:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Շարլոթ Հոռնեթց – Միլուոքի Պաքս 108-106
Ինտիանա Փէյսըրզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ 103-91
Պոսթըն Սելթիքս – Պրուքլին Նեթց 121-105
Մայեմի Հիթ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 107-95
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Աթլանթա Հոքս 109-102
Մեմֆիս Կրիզլիս – Մինեսոթա Վուլվզ 105-101
Նիւ Եորք Նիքս – Շիքակօ Պուլզ 80-104
Տենվըր Նակեթց – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 89-79
Եութա Ճեզ – Հիուսթըն Ռոքեթց 93-104
Ֆէոնիքս Սանզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 119-99
Սաքրամենթօ Քինկզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 77-95
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Օքլահոմա Սիթի 106-89

Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.

Օրլանտօ Մեճիք – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ
Մինեսոթա Վուլվզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Նիւ Եորք Նիքս
Տալաս Մավըրիքս – Եութա Ճեզ
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Օքլահոմա Սիթի

Share this Article
CATEGORIES