Մուրինիոյի Օրինակելի Արարքը
Լոնտոնեան Չելսի ակումբի գլխաւոր մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ Շրուզպըրիի դէմ տեղի ունեցած Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքին մրցումէն առաջ հանդիպում ունեցաւ մրցակից խումբին մէկ համակիրին հետ:
11 տարեկան պատանի մը, որ ծանր հիւանդութեան պատճառով, կը տեղափոխուի շարժական աթոռով, ուզած է տեսնուիլ փորթուգալցի մարզիչին հետ եւ անոր ցոյց տալ իր նկարած անձը, որ ուրիշ մէկը չէր, քան նոյնինքն Մուրինիոն:
Մուրինիօ ոչ միայն նկարուած է այդ տղուն հետ, այլեւ ստորագրած` այդ լուսանկարին վրայ:
CATEGORIES Մարզական

