Արզումանեան 2,5 Տարուան Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Ամքարի Հետ
Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Աքթոպէի (Ղազախստան) յետսապահ Ռոպերթ Արզումանեան ձմրան ընթացքին պիտի տեղափոխուի «Փրեմիեր լիկ»-ին մէջ հանդէս եկող Ամքար (Ռուսիա):
«Ֆութպոլ ֆրենտզ» ֆութպոլի գործակալութեան ներկայացուցիչ Տիգրան Մկրտչեան Sports.kz կայքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ Արզումանեան 2,5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Ամքարի հետ:
Յայտնի եղաւ նաեւ այն, որ Մարքոս Փիցելլի, որուն փոխանցման իրաւունքները Աքթոպէն գնած է Քրասնոտարէն, 2 տարիով երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը, մինչ Արթուր Եդիգարեանի պայմանագիրը` Քայրաթի հետ, կ՛աւարտի մէկ տարի ետք:
CATEGORIES Մարզական

