Քոնկ Ֆու-Ուու Շու. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Իտալիա
Երէկ Լիբանանի քոնկ ֆու-ուու շուի պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Իտալիա` իր մասնակցութիւնը բերելու համար միջազգային մրցաշարքի մը, որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենան բոլոր տեսակի մրցումները:
Մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 1-11 նոյեմբերին, իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աւելի քան յիսուն երկիրներու մարզիկներ:
Ստորեւ` Իտալիա մեկնած լիբանանեան պատուիրակութիւնը.
Պասսամ Նոհրա (նախագահ), Թոնի Լաթիֆ (թեքնիք տնօրէն), Ռոնի Տըրղամ (պատասխանատու), Ժոզեֆ Լաթիֆ (բժիշկ), Քրիս Տըրղամ, Նաժուա Իսա, Ֆուատ Տամըրճի, Ռապիհ Աքիքի եւ Թոնի Քարամ (մարզիկներ):
CATEGORIES Մարզական

