Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Վեթերաններու Ախոյեանութիւն
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, այսօր եւ վաղը Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի փինկ փոնկի վեթերաններու ախոյեանութեան Անթուան Շուէյրիի անուան բաժակի մրցաշարքը:
Այսօրուան մրցումները կը սկսին երեկոյեան ժամը 18:00-ին, իսկ վաղուան մրցումները` յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին:
Ֆետերասիոնը իր հրապարակած այս հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ այս մրցաշարքին կրնան մասնակցիլ միայն անոնք, որոնք 2014 տարեշրջանին ֆետերասիոնին կողմէ կազմակերպուած որեւէ մրցաշարքի իրենց մասնակցութիւնը չեն բերած:
Տեղի պիտի ունենան 40-49 (1965-1974-ի ծնունդ) եւ 50 տարեկան եւ վեր (1964-ի ծնունդ եւ վեր) տարիքի մրցումներ:
CATEGORIES Մարզական

