Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր բարեկամներէն մի՛ հեռանաք. անոնք ձեզի երջանկութիւն կը բերեն: Միասնաբար ուրախացէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Յուսալի օր մը չէ, սակայն ձեր ասպարէզին մէջ լաւ փոփոխութիւն մը պիտի ունենաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր պիւտճէն քիչ մը սեղմ է, սակայն եթէ ճամբորդէք, ուրախ պիտի ըլլաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Կանոնաւորեցէք ձեր գործերը, մանաւանդ` պետական գործերու առնչուած:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Կարիքը ունիք հանգստանալու եւ կ՛ուզէք, որ ձեր շուրջինները ձեզ հանգիստ ձգեն ձեր գործերը յստակացնելու համար:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ներկայիս ձեր տրամադրութիւնը լաւ չէ, սակայն քիչ մը կորովով օրը պայծառատեսութեամբ կը վերջացնէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մարզանք ըրէք, որպէսզի ձեր տրամադրութիւնը բարձրանայ եւ աշխուժանաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ընտանեկան մթնոլորտին մէջ յարաբերութիւնը սերտ պիտի ըլլայ, եւ բոլոր հարցերը պիտի լուծէք միասնաբար:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կ՛ուզէք օգտակար ըլլալ ընտանիքին, բայց ձեր կարողութենէն վեր փորձեր մի՛ ընէք, որպէսզի չյոգնիք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Այս օրերուն ծախսերը շատ եւ մեծ են. ձեզի կը մնայ դասաւորել եւ ըստ այնմ ծախսել:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեզի պիտի առաջարկուի մրցում մը. լաւ ճանչցէք ձեր մրցակիցին կարողութիւնը եւ այդպէս մասնակցեցէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր կարողութիւնները ուսումնասիրեցէք եւ վերջը բաղդատութիւններ ըրէք ուրիշներու հետ:

