50 Տարի Առաջ (1 Նոյեմբեր 1964)
Հետաքրքրական
Աղաւնիներու Ջարդ
Սան Ֆրանսիսքոյի 50 հազար աղաւնիները դատապարտուած են մահուան: Նոր օրէնքի մը համաձայն, աղաւնիներուն կեր տուողը կը դատապարտուի վեց ամսուան բանտարկութեան կամ 500 տոլար տուգանքի: Այս օրէնքը հաստատուած է անոր համար, որ աղաւնիները մարդոց կը փոխանցեն կարգ մը խիստ վտանգաւոր հիւանդութիւններ:
Ինքնաշարժի Զոհերը
Ինքնաշարժային արկածի պատճառով առաջին ամերիկացին մեռած է 65 տարի առաջ, 1899-ին: Անկէ մինչեւ 1963 ինքնաշարժային արկածի զոհ գացած ամերիկացիներու թիւը հասած է մէկուկէս միլիոն հոգիի: Ասոնցմէ կէս միլիոն հոգին` վերջին 12 տարուան ընթացքին:
Ուիսքի Խմող Հաւեր
Սկովտիացի հաւաբոյծ մը կարգ մը փորձեր կատարելէ ետք յանգած է այն եզրակացութեան, թէ ջուրի տեղ ուիսքի խմող հաւերը միւսներէն երկու անգամ աւելի հաւկիթ կ՛ածեն: Հաւաբոյծը հարիւր հաւերու վրայ փորձ կատարած է: Յիսունին ջուր տուած է եւ յիսունին ալ` ուիսքի: Որոշած է հնդկահաւերու վրայ ալ փորձեր կատարել որովհետեւ Ծնունդի առթիւ բազմաթիւ ապսպրանքներ ստացած է: Վստահ է, որ անոնց միսը շատ աւելի համեղ պիտի ըլլայ ուիսքի գործածել սկսելէ ետք:
Երազի Տեսողութիւնը
Ամերիկացի գիտնականներ հաշուեր են, որ երազի ընթացքին մարդուն կատարելիք գործողութիւնները կը տեւեն այնքան, որքան անհրաժեշտ էր արթուն ժամանակին: Հաշուած է նաեւ, որ նորմալ երազատեսը գիշերը միջին հաշուով կը տեսնէ չորս երազ` քսան վայրկեանի տեւողութեամբ:
Երգիծանքը Երկաթէ Վարագոյրին Ետին
Քուպացի երկու բարեկամներ Հավանայի սրճարաններէն մէկուն մէկ անկիւնը նստած` կը զրուցեն:
– Ես կ՛ըսեմ, թէ հինգ տարիէն ռուսերը ոտք պիտի դնեն լուսնին վրայ,- կ՛ըսէ առաջինը:
– Երանի՜ թէ,- կը յարէ երկրորդը:
– Ինչո՞ւ «երանի» կ՛ըսես: Չե՞ս ուզեր, որ առաջ ամերիկացիները երթան:
– Ո՛չ: Աւելի լաւ է, որ առաջ ռուսերը երթան: Որովհետեւ, երբ լուսնին տիրանան, Ռուսիոյ Համայնավար կուսակցութեան բոլոր անդամները, հետաքրքրութենէ մղուած, պիտի երթան լուսնին ինչպէս ըլլալը տեսնելու: Ու թերեւս քաղաքավարութեան համար Քասթրոն ալ հրաւիրեն: Այն ատեն յոյս կայ, որ չկարենան երկիր դառնալ, ու մենք ազատինք վերջապէս:
* * *
Արեւելեան Գերմանիոյ բռնակալը Վալթեր Ուլպրիխթ, որ ամբողջ համայնավար աշխարհի մէջ ամէնէն հակակրելի մարդը կը նկատուի, օր մը կը մեռնի ու դրախտ կ՛երթայ:
Դրան առջեւ Սուրբ Պետրոս զայն տեսնելով` կ՛ըսէ.
– Հոս ի՞նչ գործ ունիս դուն:
– Կ՛ուզեմ դրախտ մտնել:
– Կորսուէ՛, քու տեղդ դժոխքն է,- կ՛ըսէ Ս. Պետրոս:
Ուլպրիխթ գլուխը կախ` դժոխք կ՛երթայ:
Քանի մը օր յետոյ, հինգ-վեց սատանաներ կ՛երեւին դրախտին առջեւ:
– Դուք ի՞նչ գործ ունիք հոս,- անոնց կը հարցնէ Ս. Պետրոս:
– Առաջին տարագիրներն ենք,- կը պատասխանեն անոնք:
* * *
Մոսկուայի մէջ երկու բարեկամներ կը զրուցեն:
– Լսեցի՞ր` «Փրաւտա» թերթը մրցում մը կազմակերպած է նորէն:
– Ի՞նչ մրցում:
– Ամէնէն սրամիտ հակահամայնավար մանրավէպի մրցումը:
– Եւ ի՞նչ մրցանակ պիտի ստանայ առաջին ելլողը:
– Քսան տարի բանտարկութիւն:

