Ժամերու Փոփոխութիւն` Ի՜նչ Տարօրինակ Գաղափար

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

1101_jami-popokhoutiounԱհա մէկ շաբաթ է, որ մենք աւելի հանգիստ կը քնանանք` գիտնալով, որ առտուն քիչ մը աւելի երկար պիտի կարենանք մնալ անկողինին մէջ եւ աւելի ուշ երթալ դպրոց:

Ժամը փոխելու այս գաղափարը նոր չէ. սակայն երկար ժամանակ առած է զայն կիրարկելու համար:

Ժամերու այս փոփոխութիւնը տեղի կ՛ունենայ տարին երկու անգամ. սակայն այս սովորութիւնը դիւրութեամբ չի հաստատուիր: Ան կը խանգարէ մեր ներքին կեանքի կշռոյթը: Ձմեռնային ժամանակացոյցի անցնիլը աւելի դիւրին է: Մենք մէկ ժամ քուն կը շահինք. այսինքն շաբաթ գիշերէն կիրակի առտու ժամը 2 էր ժամը 3-ի փոխարէն:

Արեւէն օգտուիլ

Արեւէն աւելի երկար օգտուելու եւ, հետեւաբար, ուժանիւթ խնայելու համար ժամը փոխելու գաղափարը նոր չէ: Ամերիկացի նշանաւոր գիտնական գիւտարար Պենճըմին Ֆրանքլին, որ հնարած է շանթարգելը, տախտակով վառարանը, այս նիւթին շուրջ արտայայտուած է թերթի մը մէջ, 1784 թուականին:

Ան նկատած է, որ ձմրան, առտուան արեւոտ քանի մը ժամերը պարապի կ՛երթան, մինչ իրիկուան շատ շուտ  մութ կ՛ընէ: Իր այս գաղափարը դարձեալ մէջտեղ կ՛ելլէ 19-րդ դարուն, երբ անգլիացի գրագէտ Ուիլիըմ Ուիլեթ գիրք մը կը գրէ այս նիւթին մասին:

Երկու հանգրուանով

Սակայն  երկիրները վերջապէս կ՛որոշեն այս դրութիւնը հաստատել Ա. Համաշխարհային պատերազմին: Առաջին երկիրը կ՛ըլլայ Գերմանիան, որ իր ժամը կը փոխէ 30 ապրիլ 1916-ին, ապա անոր կը հետեւին Անգլիան եւ Ֆրանսան:

Սակայն այս դրութիւնը կը ջնջուի Բ. Համաշխարհային պատերազմին սկիզբը, մինչ Անգլիա եւ Իրլանտա կը շարունակեն զայն կիրարկել: Ժամանակի ընթացքին բազմաթիւ երկիրներ կը վերահաստատեն այս դրութիւնը, եւ 1980-ական թուականներէն սկսեալ անիկա վերջնականապէս կ՛ընդունուի  երկիրներուն մեծ մասին կողմէ: Այս ձեւով, Լիբանանի մէջ մենք մեր ժամացոյցները կը փոխենք հոկտեմբերի եւ մարտի վերջին կիրակիներուն, մինչ Հայաստան այս դրութիւնը ջնջած է 2012 թուականէն ի վեր:

 

Կարճ Լուրեր

1101_lourer-1– Ուաթսըն համակարգիչի յայտագիր մըն է, որ պատրաստուած է Այ Պի Էմ ամերիկեան ընկերութեան կողմէ: Անոր պաշտօնն է նոր խոհագիրներ ստեղծել: Մենք կ՛ընտրենք մեր ուզած բաղադրութիւնները, իսկ Ուաթսըն զանոնք իրարու հետ կը խառնէ: Ան կը համախմբէ անոնց համ տուող մոլեքիւլները: Ապա ան այս բոլորը կը խաչաձեւէ իր յիշողութեան մէջ ունեցած 9000 խոհագիրներուն հետ: Վերջապէս, ան ձեզի կ՛առաջարկէ, օրինակի համար, պրոքոլիով եւ մանկոյով ապուր մը:

1101_lourer-2– Անգլիոյ մէջ այժմ տեղի կ՛ունենայ «Տի արթ օֆ պրիք» անունով  ցուցահանդէս մը: Հոն կարելի է տեսնել լեկոյի մէկ միլիոն քարերով շինուած 75 արձաններ: Այս ձեւով, մենք հոն կրնանք հանդիպիլ 80 հազար լեկոյի քարերով շինուած եւ աւելի քան 6 մեթր երկայնք ունեցող թի-ռեքս հոյամողէսի կմախքի մը:

– Ինքնաշարժ շինող ճափոնցի մը հնարած է տարօրինակ ներկ մը. ան փոշին կը հեռացնէ: Այս ներկը ինքնաշարժին շուրջ կը կազմէ օդի խաւ մը, որ արգելք կ՛ըլլայ փոշիին` ինքնաշարժին վրայ իջնելու: Այս ձեւով մենք այլեւս պէտք պիտի չունենանք մեր ինքնաշարժը լուալու:

– Չինաստանի մէջ գոյութիւն ունին բջիջային հեռաձայններ գործածողներու յատուկ մայթեր: Որպէսզի անոնք ուրիշ անցորդներու չզարնուին, գետինը` գծուած են նշաններ, որոնք անոնց ցոյց կու տան հետեւելիք ճամբան:

– 2014 թուականը լաւ տարի մը չէ եղած բուսաբաններուն համար:  Տարեսկիզբին նունուֆարի աշխարհի ամէնէն փոքր տեսակը գողցուեցաւ Լոնտոնի բուսաբանական պարտէզին մէջէն: Նման գողութիւնները հազուադէպ չեն: Սակայն այս ծաղիկը, որ պզտիկ դահեկանի մը չափը ունի, ամբողջովին կորսուած է իր ծննդավայր Ռուանտայի մէջ: Լոնտոնի մէջ գտնուած օրինակը տակաւին գոյութիւն ունեցող քանի մը ծաղիկներէն մէկն էր:

1101_lourer-31– Այս ծառի կոճղէն դուրս ելած հեծիկը քանդակ մը չէ… Այս հեծիկը պարզապէս ամբողջովին կոճղին մէջ անցած է: Հեծիկը ծառին մօտը լքուած էր 65 տարիներ առաջ: Ժամանակի ընթացքին ամբողջական ձուլում մը յառաջացած է: Մինչ այդ հեծիկին տէրերը գտնուած են… Միացեալ Նահանգներու Ուաշինկթըն նահանգին մէջ: Իր հեծիկին պատկերը  ճանչնալով` 99 տարեկան հելէն Փազ ծառին մօտ կը վերադառնայ իր տղուն հետ, ուր այս վերջինը զայն կորսնցուցած էր, երբ 8 տարեկան էր:

 

 3,2 Միլիոն Ծառ Մէկ Ժամուան Մէջ

1101_dsarՖիլիփփինը բազմաթիւ կղզիներէ կազմուած երկիր մըն է: Անիկա կը գտնուի Խաղաղական ովկիանոսին մէջ: Անոր անտառներուն մեծ մասը անհետացաւ անդադար ծառերը կտրելուն եւ հողը աւելի բերիի դարձնելու համար զայն այրելուն պատճառով:

Հետեւաբար 27 սեպտեմբերին երկիրը կազմակերպեց հսկայական ձեռնարկ մը: Մօտաւորապէս 3,2 միլիոն ծառեր տնկուեցան մէկ ժամուան մէջ` միաժամանակ աշխարհի մրցանիշ մըն ալ արձանագրելով…

Տնկուած ծառերը ընտրուեցան նաեւ ըստ իրենց օգտակարութեան. տնկուեցան յատկապէս քաքաոյի, սուրճի եւ հէվէայի (որմէ ձգախէժ կը պատրաստուի) ծառեր:

Այս ծառերը բնակիչներուն ապրուստի միջոց պիտի դառնան, որովհետեւ անոնք պիտի կարենան քաղել պտուղները կամ հիւթը: Այս ձեւով անոնք գլխաւոր պատճառ մըն ալ կ՛ունենան այդ ծառերուն հոգ տանելու:

 

Լոնտոնի Մէջ Հեռաձայնի Կանաչ Խուցեր

1101_heratsaynրբ մենք Անգլիոյ մայրաքաղաքի` Լոնտոնի մասին կը մտածենք, բազմաթիւ պատկերներ մեր միտքը կու գան. երկյարկանի կարմիր հանրային փոխադրակառքերը, սեւ թաքսիները եւ հեռաձայնի կարմիր խուցերը:

* * *

1936-ին նախագծուած այս խուցերը մաս կը կազմեն քաղաքին բնական տեսարանին: Գոյութիւն ունին մինչեւ 70 հազար խուցեր: Սակայն բջիջային հեռաձայններուն պատճառով ալ ո՛չ մէկը կը գործածէ այդ խուցերը` հեռաձայնելու համար: Ներկայիս անոնք մէկ-մէկ կը ծախուին… Բարեբախտաբար երիտասարդ ձեւագծող մը յղացած է միջոց մը` դարձեալ գործածելու համար այս քաղաքին յատուկ տարրերը:

* * *

Առաջին կանաչ եւ արեւի ուժով բանող խուցին բացումը կատարուեցաւ հոկտեմբերի սկիզբը: Անիկա կը կոչուի Սոլարպոքս: Անոր մէջ հեռաձայն գոյութիւն չունի, այլ` չորս ելեկտրական կոճակներ, որոնց միջոցով կարելի է ձրիօրէն լիցքաւորել բջիջային հեռաձայնին կամ թապլեթին բարդերը:

Սոլարպոքսը յղացող Հարալտ Քրասթըն կը բացատրէ, թէ արեւուն ուժանիւթը կը լեցուի յատուկ բարդի մը մէջ, եւ այս ձեւով մարդիկ իրենց գործիքներ կրնան լիցքաւորել նոյնիսկ իրիկունը կամ երբ արեւ չկայ:

 

 Աշխարհին Շուրջ…

… Ամէնէն շատ խօսուած 5 լեզուները:

Մանտարին (չինարէն)` 848 միլիոն խօսող

Սպաներէն` 406 միլիոն խօսող

Անգլերէն` 355 միլիոն խօսող

Հնդկերէն` 260 միլիոն խօսող

Արաբերէն` 223 միլիոն խօսող

 

Մտածենք

- Տախտակին մէջ իւրաքանչիւր անասուն թիւ մը կը ներկայացնէ. 1, 2, 3 կամ 4: - Երբ կը գումարես որեւէ ուղղահայեաց կամ հորիզոնական շարքի թիւերը, կը ստանաս շարքին ծայրը զետեղուած թիւը: - Օրինակի համար, երեք փիղ են մէկ վագր հաւասար են 5-ի. իսկ երկու փիղ, մէկ վագր եւ մէկ առիւծ հաւասար եւ 8-ի: - Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր անասունի համապատասխանող թիւը, ինչպէս նաեւ` պակաս թիւը:

– Տախտակին մէջ իւրաքանչիւր անասուն թիւ մը կը ներկայացնէ. 1, 2, 3 կամ 4:
– Երբ կը գումարես որեւէ ուղղահայեաց կամ հորիզոնական շարքի թիւերը, կը ստանաս շարքին ծայրը զետեղուած թիւը:
– Օրինակի համար, երեք փիղ են մէկ վագր հաւասար են 5-ի. իսկ երկու փիղ, մէկ վագր եւ մէկ առիւծ հաւասար են 8-ի:
– Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր անասունի համապատասխանող թիւը, ինչպէս նաեւ` պակաս թիւը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխանը վերջաւորութեան

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տասը տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տասը տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել, թէ ո՛ր զոյգ եղբայրները պիտի կարենան իրարու միանալ:

Կրնա՞ս գտնել, թէ ո՛ր զոյգ եղբայրները պիտի կարենան իրարու միանալ:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու գողերը:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու գողերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխանները

Փիղ = 1, վագր = 2, ռնգեղջիւր = 3, առիւծ = 4, ? = 10

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )