Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարը Քանատայի Մէջ Ներկայացուցած Է Ղարաբաղեան Հարցը
Հոկտեմբեր 28-ին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան, որ Քանատա կը գտնուի, «Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային անվտանգութիւնը եւ մարդու հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութիւնը» խորագիրով դասախօսութիւն ներկայացուցած է Օթթաուայի «Քարլթըն» համալսարանին մէջ. ընթացքին ան խօսած է ազրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ներկայ հանգրուանին մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է անկախութեան տարիներուն Լեռնային Ղարաբաղի ունեցած ձեռքբերումներուն եւ առկայ մարտահրաւէրներուն:
Դասախօսութեան ներկայ եղած են Քարլթընի եւ Օթթաուայի համալսարաններու ուսանողներ եւ Օթթաուայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Հոկտեմբեր 29-ին Կարէն Միրզոյեան Քանատայի խորհրդարանին մէջ հանդիպած է Քանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի անդամներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործող նախարարը ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի պետականաշինութեան եւ Արցախի միջազգային ճանաչման գործընթացները, ինչպէս նաեւ ազրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ներկայի հանգրուանը:
Նոյն օրը Կարէն Միրզոյեան Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ հանդիպում ունեցած է Օթթաուայի հայ համայնքի ղեկավարներուն եւ համայնքային կազմակերպութիւններու անդամներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին Կարէն Միրզոյեան ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւնները եւ պատասխանած ներկաներուն հարցումներուն:

