Համազգայինի «Արեգ» Թատերախումբին Ամանորեայ Ներկայացման Փորձերը

AREK_photo-(4)Երեքշաբթի, 28 հոկտեմբեր 2014-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» կեդրոնին մէջ կայացաւ «Արեգ» թատերախումբի «Ոսկի խնձորը» թատերախաղին առաջին փորձը:

Թատերախաղին գրական հենքը Յովհաննէս Թումանեանի «Ծիտը» հեքիաթն է, որ «Արեգ» թատերական դպրոցի գեղարուեստական ղեկավար եւ բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանի հեղինակութեամբ ձեռք բերելով նոր գերխնդիր եւ ընդարձակ դիպաշար, ստացած է իւրօրինակ մեկնաբանութիւն` այժմէական, սուր, կատակերգական երանգներով` մէկ ժամ տեւողութեամբ:

Ներկայացման ընթացքին շուրջ երեսուն կերպարները` բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանի ղեկավարութեամբ, կը մարմնաւորեն «Արեգ» թատերական դպրոցի աշակերտները, որոնց զոյգ պարերուն պիտի միանան «Գայեանէ» պարի դպրոցէն աշակերտներ, ղեկավարութեամբ` հայրենի պարուսոյց Կարէն Մակինեանի:

«Ոսկի խնձորը» կաղանդի ուրախ, երաժշտական թատերախաղը 2014-ի դեկտեմբեր 11-էն սկսեալ կը ներկայացուի հանրութեան` «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

Բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան «Ոսկի խնձոր»-ին զուգահեռ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կը նախապատրաստէ յաջորդ ներկայացումը, որ պիտի կայանայ 2015-ի գարնան:

Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցը կը շարունակէ թատերասէր աշակերտներուն ընդունելութիւնը «Լ. Շանթ» եւ «Ն. Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրին կեդրոններուն մէջ:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

Share this Article
CATEGORIES