Ապահով Գօտիներ Ստեղծելու. «Միացեալ Նահանգներ Չեն Հրաժարիր Պաշշար Ասատի Իշխանութիւնը Տապալելու Ծրագիրներէն» Ըսած Է Հէյկըլ

Չաք Հէյկըլ

Չաք Հէյկըլ

«Վրեմիա» կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ յայտարարած է, որ իր երկիրը կը շարունակէ հանդէս գալ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութիւնը տապալելու օգտին:

Ատոր հետ միատեղ ան խոստովանած է, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի տարածքներուն մէջ զգալի շրջաններ գրաւած ՏԱՀԵՇ-ի դէմ օդային հարուածները կրնան ձեռնտու ըլլալ Սուրիոյ նախագահին:

ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պաշշար Ժաաֆարի պատասխանելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան թղթակիցին հարցումին յայտարարած է, որ Դամասկոս կը փափաքի Թուրքիան եւ Սէուտական Արաբիան տեսնել Սուրիոյ «բարեկամներու նոր խմբակ»-ի կազմին մէջ, սակայն այն պայմանով, որ անոնք վերատեսութեան ենթարկեն իրենց քաղաքականութիւնը եւ հրաժարին Սուրիոյ տարածքին մէջ գործող ահաբեկիչներուն աջակցելէ:

«Անոնք պէտք է ըլլան այդ խմբակի մասնակիցներ, սակայն այն պայմանով, որ փոխեն իրենց քաղաքականութիւնը: Մենք չենք կրնար արտօնել, որ այն երկիրը, որ կը սատարէ ահաբեկչութեան, մէկ սեղանի շուրջ նստի «Սուրիոյ ընկերներու» հետ եւ քննարկէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը: Ատիկա բնաւ իմաստ չունի», ըսած է ան:

«Ինչպէ՞ս կարելի է ըլլալ ընկեր, երբ ձեր տարածքին մէջ Սուրիա ուղարկուելէ առաջ ահաբեկիչներու պատրաստման ճամբարներ գոյութիւն ունին», նշած է Ժաաֆարի:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան Տը Միսթուրա կոչ ուղղեց ՏԱՀԵՇ-ի դիմակայման քաղաքական լուծում մը գտնելու համար Սուրիոյ մէջ ստեղծելու ապահով գօտիներ, ուր բախումները սառեցուին: Ան նշեց, որ այդպիսի գօտիներ ստեղծելու առաջարկներն ու գաղափարի քննարկումները հետզհետէ աճ կ՛արձանագրեն: Ան այդպիսի գօտիի մը իբրեւ առաջին փորձ առաջարկեց գաղափարը կիրարկել Հալէպի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES