Իրանի Նախագահը Այս Ամիս Պիտի Այցելէ Ազրպէյճան

1031_RouhaniԱզրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի նոյեմբերին պիտի այցելէ Ազրպէյճան: Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհսուն Փաքայի «Թրենտ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ քսան օրերուն ընթացքին:

Ասիկա Իրանի նախագահին Ազրպէյճան առաջին այցելութիւնն է:

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Իրան այցելած էր ընթացիկ տարուան 9 ապրիլին:

Ազրպէյճանի մաքսային պետական ծառայութեան տուեալներով` Ազրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը 2014-ի յունուար-սեպտեմբեր ամիսներուն կազմած է 144,045 միլիոն տոլար:

Share this Article
CATEGORIES