Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան դրուատեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի վերաշինութեան համար տրամադրուելիք 20 միլիոն տոլարի յատկացումը:

ՍԱՅՏԱՅԻ Քուտս մզկիթի իմամ շէյխ Մահեր Համմուտ յայտնեց, որ այսօրուան բանավէճը կը կեդրոնանայ անոնց շուրջ, որոնք սիւննի համայնքին պատկանիլ կը ձեւանան եւ Միացեալ Նահանգներուն կ՛ենթարկուին:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի առաջադրած նախաձեռնութիւնը շատ լաւ է, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ ան կը շեշտէ լիբանանեան ազգային երկխօսութեան կարեւորութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի յայտնեց, որ այս օրերուն պատահածը ազգայինին եւ ապազգայինին միջեւ բախումն է:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի յայտնեց, որ իրենք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դաշնակից են, սակայն խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին վերաբերեալ իրենց տեսակէտները տարբեր են:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու նախապատրաստական աշխատանքները գրեթէ իրենց աւարտին պիտի հասնին: Նոյն օրաթերթին մէջ նշուեցաւ, որ կը նախատեսուի, որ նախքան այդ որոշումին որդեգրումը Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու ընդարձակ հանդիպում մը տեղի ունենայ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող ահաբեկիչները ստացած են մեծ գումարներ, ինչպէս նաեւ բժշկական օժանդակութիւն եւ սննդեղէն:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ ինք հանդիպում մը ունեցած է առեւանգուած բանակայիններու թղթածրարին լուծումով զբաղող քաթարցի բանագնացին հետ` աւելցնելով, որ բանակայիններու հարցը բարդ է, եւ բանակցութիւնները տակաւին սկզբնական շրջանին մէջ են:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Թրիփոլիի մէջ զինեալները պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանի խմբաւորումներէն պահանջած են զինեալ բախումի ճակատներ բանալ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ յայտնեց, որ Թրիփոլիի զինեալ ճակատներու պատասխանատուներուն ֆինանսաւորումը սիւննի ղեկավարները կը կատարեն եւ զանոնք կը զինեն:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, Ժապհաթ Նուսրա եւ ՏԱՀԵՇ կը մտածեն Թրիփոլիի բախումները լիբանանեան այլ շրջաններ, յատկապէս Արեւմտեան Պեքաայի շրջանները փոխադրել:

ԹՐԻՓՈԼԻԻ եւ հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար յայտնեց, որ Թրիփոլի չի կրնար ահաբեկչութեան աղբիւր եւ կամ ահաբեկչութիւնը ընդգրկող շրջան ըլլալ:

ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ բարձրաստիճան զինուորական մը հաստատեց, որ Հըզպալլայի դէմ յաջորդ պատերազմին ընթացքին իսրայէլեան «Պեն Կորիոն» օդակայանը պատերազմի առաջին օրէն իսկ պիտի փակուի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին կողմէ հիւսիսային Լիբանանի մէջ կատարուած զինուորական գործողութիւնը ապահովական առումով նուաճում կը նկատուի:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր իր կարգին ուղղուեցաւ Արսալ` հետեւելու համար առեւանգուած բանակայիններու թղթածրարին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նիտալ Թոհմէ յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ապահովական այս ծանր կացութեան շրջագիծին մէջ, խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը պէտք է անպայման երկարաձգել:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կ՛ուղղուի պոյքոթի ենթարկելու խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու նիստին իր մասնակցութիւնը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով իրանեան դիւանագիտական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք իրանեան զինուորական օժանդակութիւնները պատրաստ են եւ քանի մը ժամուան ընթացքին Լիբանան կրնան հասնիլ, եթէ կառավարութիւնը այդ իմաստով համաձայն գտնուի:

Share this Article
CATEGORIES