Սլէյման Անհրաժեշտ Նկատեց Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը Կապել Նախագահական Ընտրութեան

Զօր. Սլէյման եւ Շապթինի
Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ պաշտօնավարութիւնները երկարաձգելու ընտրանքը մերժելի է ամէն պարագայի, սակայն անիկա այս հանգրուանին ինքզինք պարտադրած է` նկատի ունենալով, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան առաջին երկարաձգումին ընթացքին կարելի չեղաւ ընտրական արդար օրէնք մը վաւերացնել կամ նախագահական ընտրութիւն կատարել:
Զօր. Սլէյման երէկ ընդունեց գաղթականներու հարցերու նախարար Ալիս Շապթինին եւ երեսփոխան Հատի Հպէյշը, որոնց ներկայութեան անհրաժեշտ նկատեց խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը նախագահական ընտրութեան կապելը:
CATEGORIES Լիբանանեան

