«Հաւատադրժողական Վիճակը Սատանայական Է, Ո՛չ Մարդկային Եւ Ո՛չ Ալ Իսլամական» Շեշտեց Նայիմ Քասեմ
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ յայտնեց, որ Լիբանան երկիր մըն է, որ կրնայ օգտուիլ իր բազմազանութեան բարիքներէն եւ հիմնել հզօր պետութիւն մը:
«Ճիշդ է, որ Լիբանան այս հանգրուանին կ՛ազդուի շրջանին մէջ գտնուող երկիրներէն եւ տագնապներէն, սակայն բարեբախտաբար այսօր աշխարհի բոլոր երկիրները` իւրաքանչիւրը իր պատճառներով, կը փափաքին ամրապնդել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը, հետեւաբար մենք պէտք է մեզի տրուած այս առիթէն օգտուինք եւ փոխադարձաբար ամրապնդենք ազգային մեր միասնականութիւնը», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի` շէյխ Քասեմ շեշտեց, որ անոնք հաւատադրժողական շարժումներ են` աւելցնելով, որ հաւատադրժողական վիճակը սատանայական է եւ մարդկային կամ իսլամական վիճակ մը չի կրնար ըլլալ:
CATEGORIES Լիբանանեան

