Պասիլ Այցելեց Նաքուրա
Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ այցելեց Նաքուրա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանոյի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ հարաւային Լիբանանի եւ ընդհանրապէս սահմանային Կապոյտ գիծի շրջակայքը տիրող իրավիճակը, արծարծուեցան նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովական խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան վերաբերող հարցեր:
Պասիլ եւ զօր. Փորթոլանօ շեշտեցին փոխադարձ գործակցութիւնը եւ հարաւային Լիբանանի անդորրը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպումէն ետք զօր. Փորթոլանօ յայտնեց, որ Պասիլի կատարած այցելութիւնը իրենց համար հպարտութիւն է եւ զօրակցութիւն` նկատի ունենալով, որ 1978-էն ի վեր լիբանանցի ոչ մէկ արտաքին գործոց նախարար այցելած է ՖԻՆԻՒԼ-ի կեդրոնատեղի:
«Այս այցելութիւնը յստակ պատգամ կը փոխանցէ` թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու Լիբանանի յանձնառութեան մասին, անկախ Լիբանանի դիմագրաւած այսօրուան հարցերէն ու տագնապներէն», ըսաւ ան:
Զօր. Փորթոլանօ յայտնեց նաեւ, որ իրենք Լիբանանի կառավարութեան, բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կատարեալ զօրակցութիւն կը յայտնեն:

