Պութրոս Հարպ Եւ Տորի Շամուն Մամլոյ Միացեալ Ասուլիս

Հարպ եւ Շամուն

Հարպ եւ Շամուն

Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ եւ Ազգային ազատականներու կուսակցութեան նախագահ Տորի Շամուն երէկ խորհրդարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեցին, որ նկատի ունենալով, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը չաւարտած կարելի չէ նախագահական եւ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել, իրենք զիրենք ստիպուած կը գտնեն ընդունելու խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը, «սակայն մինչեւ նախագահական ընտրութեան կայացումը», աւելցուց Հարպ:

Ան յայտնեց, որ այդ ընտրանքը պիտի ընդունին պահպանելու համար երկրին սահմանադրական հաստատութիւնները, ինչպէս նաեւ վերակազմելու համար երկրին իշխանութիւնները` շրջանցելով անիշխանութեան հաւանականութիւնը:

Հարպ նշեց, որ իրենք կը պահանջեն նաեւ, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելէ ետք կազմուի կառավարութիւն մը, որ անմիջապէս կազմակերպէ երեսփոխանական ընտրութիւնները:

Իր կարգին, Շամուն կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն մտածելու Լիբանանի գերագոյն շահերուն մասին եւ երկիրը դուրս բերելու իր դիմագրաւած տագնապէն:

 

Share this Article
CATEGORIES