«Էն. Պի. Էյ.». Քլիվլենտ Պարտութեամբ Սկսաւ Նոր Տարեշրջանը. Ուեսթպրուք Իր Ձեռքը Կոտրեց

Ռասըլ Ուեսթպրուք (աջին)
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ երէկ կատարուեցան հինգ հանդիպումներ:
Արեւելեան շրջանի ախոյեանութեան թեկնածու նկատուող Քլիվլենտ Քաւալիրզ պարտութեամբ սկսաւ նոր տարեշրջանը, երբ 95-90 արդիւնքով տեղի տուաւ Նիւ Եորք Նիքսի դիմաց: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քարմելօ Անթոնի նշանակեց 25 կէտ:
Օքլահոմա Սիթի կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը` այս անգամ Լոս Անճելըս Քլիփըրզէն` 93-90 արդիւնքով:
Եթէ Օքլահոմայի մարզիկներէն Քեւին Տիւրընթ առաջին մրցումին վիրաւորուած էր, այս մրցումին վիրաւորուեցաւ խումբին մէկ այլ մարզիկը` Ռասըլ Ուեսթպրուք: Ան երկրորդ քորթըրին կոտրեց իր ձեռքը:
Պարտուած խումբին մարզիկներէն Փերի Ճոնզ նշանակեց 32 կէտ, իսկ Քլիփըրզի մարզիկ Պլէյք Կրիֆին` 23 կէտ:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
| Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Օրլանտօ Մեճիք | 105-98 |
| Մինեսոթա Վուլվզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ | 97-91 |
| Նիւ Եորք Նիքս – Քլիվլենտ Քաւալիրզ | 95-90 |
| Տալաս Մավըրիքս – Եութա Ճեզ | 120-102 |
| Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Օքլահոմա Սիթի | 93-90 |
Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ
Ինտիանա Փէյսըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Շիքակօ Պուլզ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Միլուոքի Պաքս – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Ֆէոնիքս Սանզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
Սաքրամենթօ Քինկզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
ՎԱՂԸ
Նիւ Օրլինզ – Տալաս Մավըրիքս
Շարլոթ Հոռնեթց – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Օրլանտօ Մեճիք – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Մայեմի Հիթ
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Միլուոքի Պաքս
Աթլանթա Հոքս – Ինտիանա Փէյսըրզ
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Պրուքլին Նեթց
Հիուսթըն Ռոքեթց – Պոսթըն Սելթիքս
Մինեսոթա Վուլվզ – Շիքակօ Պուլզ
Օքլահոմա Սիթի – Տենվըր Նակեթց
Եութա Ճեզ – Ֆէոնիքս Սանզ

