Չելսի Մօտէն Հետաքրքրուած Է Փիքէով
Լոնտոնեան կազմերէն Չելսի կը շարունակէ մօտէն հետաքրքրուիլ Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յետսապահ Ժերար Փիքէով:
Ինչպէս կը յայտնէ անգլիական Sportsmole.co.uk կայքը, իր կազմին միացնելու համար 27 տարեկան Փիքէն, Չելսի պատրաստ է անոր համար վճարելու 23,6 միլիոն փաունտ:
Նշենք, որ Փիքէ անգլիական դաշտերուն վրայ տեսնուած է 2004-2008 տարեշրջանին, երբ մաս կը կազմէր Մանչեսթըր Եունայթըտին:
CATEGORIES Մարզական

