Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Սաժես
Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 2 նոյեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Սաժեսը:
Սաժես կատարած է 5 մրցում, մինչ ՀՄԸՄ` 4 մրցում:
Թէեւ Սաժես 10 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը, սակայն եթէ վաղը ՀՄԸՄ յաղթանակ արձանագրէ, կրնայ գահընկէց ընել Սաժեսը` ապահովելով տարեշրջանի իր 10-րդ կէտը:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի խմբային խաղաոճ մը կիրարկելով ամէն ճիգ ի գործ դնել` յաղթելու համար իրենց վաղուան մրցակիցին:
Անոր մէջ բնականաբար իրենց մեծ բաժինը պիտի ունենան ՀՄԸՄ-ի համակիրները, որոնք խիտ շարքերով պիտի ողողեն Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ իրենց տրամադրուած թրիպիւնը:
CATEGORIES Մարզական

