Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Մտիկ ըրէք ձեր շուրջիններուն խորհուրդը. յաճախ ուրիշներէն սորվելիք ունինք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Հարց մը, որ անտեսուած էր երկար ժամանակէ ի վեր, պիտի կարենաք անպայման իրագործել:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Պէտք չէ գոհանալ ձեր գործերով, այլ պէտք է որ նոր գաղափարներ եւ աշխատանքներ ունենաք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Անոնք, որոնք բազմազան լեզուներ գիտեն, պիտի կարենան դիւրութեամբ ասպարէզ մտնել. ուշ չէ սորվելու համար:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր վարչական գործերը մի՛ յետաձգէք եւ տոմարները կարգաւորեցէք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կարողութիւններ ունիք եւ պիտի կարենաք ձեր աշխատատեղիին մէջ զօրաւոր կազմ մը յառաջացնել ձեր գործակիցներով:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր ասպարէզին մէջ կազմաւորելու կարողութիւն ունիք. ձեր գործակիցները մեծ վստահութիւն ունին ձեր վրայ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Սէրը պիտի պայծառացնէ ձեր երկինքը, հետեւեցէք լոյսին:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կարողութիւնը ունիք հարցեր լուծելու: Բարեկամական կապ մը պիտի հաստատէք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Պէտք է գործադրէք եւ օգտագործէք ձեր ամբողջ տաղանդը` յարաբերութիւններ ստեղծելու համար:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Օրը շատ յարմար է ձեր աշխատանքը արդիւնաւորելու համար:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Շրջապատուած էք կարող անձերով, առիթը օգտագործեցէք, յաջողութիւնը ձեզի հետ է:

 

Share this Article
CATEGORIES