50 Տարի Առաջ (3 Նոյեմբեր 1964)

Տոմսեր

Խրուշչեւ Կը Դատուի

Կէս պուրժուա եւ կէս պրոլետար «հայաստանասէր» Արչին այս անգամ ուղղակի ինծի եկաւ եւ յայտարարեց. «Գիտեմ, որ հետաքրքրուած էք մեր Խորհրդային Միութեան վերջին անցուդարձերով, սակայն, ինչպէս միշտ, հիմա ալ լուր չունիք անցած-դարձածէն: Քառասուն տարիէ ի վեր նոյն յանկերգը կ՛երգէք: Եկայ ըսելու, որ Խրուշչեւը դատի տուած են, եւ ահա դատավարութեան ատենագրութիւնը, անփոփոխ, լրիւ: Ջուրը աղբիւրէն խմեցէք:

Արչիին բերած փաստաթուղթը ստորեւ կը բերեմ` առանց ստորակէտ մը փոխելու:

Մոսկուա, «ժողովրդական ատեան»-ի առջեւ, գլխաւոր դատաւորը կը հարցնէ ամբաստանեալ Նիքիթա Խրուշչեւի:

– Նիքիթա Սերկէյեւիչ Խրուշչեւ, ըսէք, ի՞նչն էր պատճառը, որ այնքան ճիգ թափեցիք Խ. Միութեան վարչապետ դառնալու համար:

– Կեանքիս մեծագոյն յիմարութիւնն էր:

– Նիքիթա Սերկէյեւիչ, այդ յիմար խօսքերը` մէկդի. ըսէք ճշմարտութիւնը, այլապէս ծանօթ էք անշուշտ խորհրդային ղեկավարներու փառահեղ պատմութեան…

– Օհ՜, ո՛չ, ո՛չ… Ամէն բան պիտի պատմեմ:

Իրիկուն մը, տարիներ առաջ, Կարմիր հրապարակէն կ՛անցնէի մեր տիկինին հետ, որ կօշիկիս կոխելով` յանկարծ ըսաւ. «Մինչեւ ե՞րբ այս գազան Ստալինը Լենինի կողքին պիտի պառկի եւ պիտի անմահանայ: Կը յիշե՞ս, թէ ինչպէ՛ս խայտառակեց քեզ երբ ուքրանական զարալոժնիէ խենթի պարը պարել տուաւ քեզի` օտարներու առջեւ: Խայտառակուեցանք, մնացինք… Վարչապետ դարձի՛ր եւ սա դիակը դուրս նետէ, շուներո՛ւն»:

– Եւ հնազանդեցար…

– Կնոջս հրահանգն էր: Ի՞նչ կրնանք ընել…

– Նիքիթա Սերկէյեւիչ. ամէն ինչ լաւ էր, մինչեւ քանի մը տարի առաջ, յետոյ ինչպէ՛ս փոխուեցար եւ յիմարութիւններ գործեցիր. օրինակ, Քուպայի մէջ, մեզ խայտառակելով:

– Իրիկուն մը դարձեալ կնոջս հետ կ՛անցնէի Կարմիր հրապարակէն ու ան դարձեալ կօշիկիս վրայ կոխեց եւ ըսաւ. «Ստալինը նետեցիր` լա՛ւ: Հապա՞ Լենինը, նուա՞զ գազան էր: Ան ալ դուրս նետէ՛, շուներո՛ւն»:

– Կի՜ն, ըսի, գազաններ կան, որոնք երբ մեռնին, կը սրբացուին, յանուն գաղափարի: Այլապէս գաղափարը կը մեռնի: Եւ այս մէկ գազանը մեր ընտանիքին չէ վնասած…

Ատեանը անպարտ արձակած է Խրուշչեւը` իբրեւ գիտակից համայնավարի:

ԳԻՍԱՒՈՐ

 

Ամերիկա

Այսօր Պիտի Ընտրէ Իր Նախագահը
Ճոնսընի Ընտրութիւնը Ապահով Կը Նկատուի

Ընտրական տարօրինակ պայքարէ մը ետք, Ամերիկա պիտի ընտրէ այսօր: 114 միլիոն արձանագրուած ընտրողներ, բայց իրականութեան մէջ միայն 71 միլիոն հոգի քուէատուփերը պիտի երթան` նշանակելու համար իրենց նոր նախագահը:

Բոլոր նախատեսութեանց համաձայն, նախագահ պիտի ընտրուի Լինտըն Պ. Ճոնսըն, ան, որ 22 նոյեմբեր 1963-ին յաջորդեց նախագահ Ճոն Քենետիի, անոր սպանութենէն ետք:

Հակառակ անոր որ պայքարին ելքը եւ յաղթականը յայտնի են, բայց արդիւնքները չորեքշաբթի առտու հազիւ յայտնի պիտի ըլլան: Ձայներու համեմատութիւնը պիտի ըլլայ 70 առ հարիւր` ի նպաստ Ճոնսընի, իսկ 30 առ հարիւր` Կալտուոթըրի: Իսկ փոխ նախագահը պիտի ըլլայ Հիւպերթ` Հըմֆրի, որ պարտութեան պիտի մատնէ հանրապետական Ուիլիըմ Միլլըրը:

Ուստի յառաջիկայ չորս տարիներու համար եւս Ամերիկա պիտի ըլլայ դեմոկրատ:

Համայնավարները Դէմ Կոլտուոթըրի

Շաբաթէն կիրակի լուսցող գիշեր Պիէն Հոայի օդակայնին վրայ գործուած յարձակումը «արդիւնք է այն իրողութեան, որ համայնավարները շատ կը վախնան իմ ընտրութենէս» յայտարարեց կիրակի իրիկուն հանրապետական թեկնածու Պերրի Կոլտուոթըր:

Հանրապետական թեկնածուն այս դիտողութիւնը ըրաւ «Սի. Պի. Էս» հեռատեսիլի կայանի թղթակցին` մասնաւորաբար յայտարարելով, որ շատնոց նախատեսած էր, թէ ծանր տագնապ մը պիտի ծագի ընտրութիւններուն քանի մը օր մնացած:

Կոլտուոթըր աւելցուց. «Համայնավար կուսակցութիւնը տիւ ու գիշեր կ՛աշխատի իմ պարտութեանս համար: Ոչ թէ անոր համար, որ Ճոնսըն (Միացեալ Նահանգներու նախագահը) համայնավար մըն է կամ դեմոկրատները` համայնավարներ, այլ որովհետեւ համայնավարները միշտ աւելի յաջողութիւն գտած են դեմոկրատներու օրով, քան թէ` հանրապետականներու»:

Հետաքրքրական Տեղեկութիւններ

Ստորեւ` 3 նոյեմբեր 1964-ի ամերիկեան ընտրութեանց հետաքրքրական մէկ պատկերը.

Ամերիկեան ընտրական զանգուածը կը ներկայանայ հետեւեալ ձեւով.

ա) Ցեղեր` սպիտակամորթ 92 առ հարիւր
  սեւամորթ 8 առ հարիւր
բ) Կրօնքներ` բողոքական բողոքական 70 առ հարիւր
  կաթողիկէ 24 առ հարիւր
  հրեայ 6 առ հարիւր
գ) Փոքրամասնութիւններ` իրլանտացի 7 առ հարիւր
  իտալացի 5 առ հարիւր
  լեհ 3 առ հարիւր
  գերման 2 առ հարիւր
դ) Շրջանային բաժանում` արեւելք` 32 առ հարիւր
  միջին արեւմուտք 33 առ հարիւր
  հարաւ 18 առ հարիւր
  արեմուտք 17 առ հարիւր

 

3 նոյմբեր 1964-ի քուէարկութեամբ պիտի ընտրուին
– 1 Միացեալ Նահանգներու նախագահ
– 1 փոխ նախագահ
– 35 ծերակուտականներ, որոնց աթոռները այժմ գրաւած են 26 դեմոկրատներ եւ 9 հանրապետականներ
– 435 երեսփոխաններ, որոնց աթոռները այժմ գրաւած են 254 դեմոկրատներ, 177 հանրապետականներ, իսկ 4-ը` թափուր
– 25 նահանգային կառավարիչներ, ներկայիս` 18 դեմոկրատ եւ 7 հանրապետական
– 353 փոխ կառավարիչներ
– 6800 նահանգային օրէնսդիր մարմիններու անդամներ
– Բազահազար տեղական պաշտօնեաներ:
Share this Article
CATEGORIES