Բնութիւն Եւ Մարդ. «Ովկիանոսի Տիտանը»
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՋՐԱՄՈՅՆ ՎԻԹԽԱՐԻ ԱՂՋԻԿ ՄԸ ԻՐ ՈՒՍԵՐՈՒՆ ԿԸ ԿՐԷ ՈՎԿԻԱՆՈՍԻՆ ԾԱՆՐՈՒԹԻՒՆԸ: «ՏԸ ՔԸԼՈՍԸԼ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԱՆՈՐ ՎԻՃԱԿՈՒԱԾ ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ:


Հոկտեմբերի սկիզբը Նիւ Փրովիտընսի (Պահամաս) ծովափին բացերը խարսխուած արձանը կը կոչուի «Ովկիանոսի տիտանը»: Անիկա ստորջրեայ նորագոյն արձանն է արուեստագէտ Ճէյսըն տը Քէյրըս Թէյլըրի, որ ծանօթ է աշխարհի տարածքին ովկիանոսներուն յատակը զետեղած իր քանդակներով: Թէյլըրի թանձրաձոյլ շաղախէ շինուած կերպարները կը պարունակեն չէզոք նիւթ մը, որ կը քաջալերէ բուստերու (քորըլ) եւ ծովային այլ մարմիննրու աճը` իրողապէս ստեղծելով ստորջրեայ արհեստական ժայռ մը: Արուեստագէտը այս ձեւով կը միտի զբօսաշրջիկներ ներգրաւել եւ զանոնք հեռու պահել սուզորդներու համար հաճելի եւ գեղատեսիլ ծովերէն, որոնք մարդկային ճնշումին եւ աւերին ենթակայ են:
Շուրջ 5.5 մ բարձրութեամբ եւ աւելի քան 60 թոն ծանրութեամբ «Ովկիանոսի տիտանը» երբեւիցէ ծովուն յատակը զետեղուած ամէնէն վիթխարի քանդակն է: Անիկա կը պատկերէ պահամասցի աղջիկ մը, որ ուսերուն կը կրէ ովկիանոսին ծանրութիւնը, այնպէս` ինչպէս յունական դիցաբանութեան մէջ Ատլաս տիտանը իր ուսերուն կը կրէր երկնային ոլորտները:
Քանդակը ապսպրուած է Պահամասի բուստի ժայռերու միջավայրի դաստիարակչական հիմնադրամին կողմէ եւ մաս կը կազմէ ստորջրեայ քանդակներու պարտէզ մը հիմնելու ծրագիրի մը` ի յարգանս հիմնադրամը հաստատած Նիքըլըս Նիւթըլի:

