Բնութիւն Եւ Մարդ. Սառոյցը Կը Հալի. Գեղարուեստական Հաստատում Մը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԶԱՅՆ ԿԱՐԵԼԻ Է ԿՈՉԵԼ ԱՐՈՒԵՍՏ, ՔԻՄԻԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԿԱՄ ԲՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ, ՍԱԿԱՅՆ ՆՊԱՏԱԿԸ ՄԻԵՒՆՈՅՆՆ Է. ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՄԸ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԲԵՒԵՌԻ ՄԷՋ 100 ԹՈՆ ՍԱՌՈՅՑ ԿԸ ՀԱԼԵՑՆԷ ՅԻՇԵՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ, ԹԷ ԿԼԻՄԱՅԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐԱԿԱՆ Է: «ՏԸ ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԶԳԱՑՈՒՄ ՄԸ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՂ ԵՒ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄ ՄԸ ԿԱՏԱՐՈՂ ԶԵՏԵՂՄԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԳՈՐԾ ՄԸ:

Երբ հիւսիսային բեւեռէն բերուած 100 թոն ծանրութեամբ սառցակոյտ մը բազմած է մեր բնակած քաղաքին գլխաւոր հրապարակին վրայ, դժուար է չխօսիլ կլիմայի փոփոխութեան մասին: Բաւական է լսել կարծիքը Քոփենհակընի բնակիչներուն, որոնք այս օրերուն դէմ յանդիման կը գտնուին 12 զանգուածներու` ժայռաբլուրներու միջեւ սառած ջուրի կոյտերու, եւ այս բոլորը` կենսոլորտի պաշտպանութեան անունով:

Դանիացիք Կրինլենտի սառոյցով կազմուած այս տարօրինակ զանգուածները կը պարտին արուեստագէտ Օլաֆուր Իլիասոնի: Անոնք մաս կը կազմեն «Սառոյցէ ժամացոյց» վերնագիրով ծրագիրի մը, որ կը բաղկանայ սառոյցի քանի մը տասնեակ զանգուածներէ` դասաւորուած չարագուշակ ժամացոյցի մը պէս: Թէեւ այնպէս կը թուի, թէ սառոյցի այս զանգուածները թաքուն սողոսկած են դէպի ափ եւ հասած` քաղաքին կեդրոնը, սակայն իբրեւ արուեստի գործ հալելով` անոնք ուղղակի կոչ կ՛ուղղեն պայքարելու: Անոնք կը խորհրդանշեն քանակութիւնը այն սառոյցին, որ կ՛անհետանայ իւրաքանչիւր հարիւրերորդ երկվայրկեանի` ընդհանրական ջերմացումին ստեղծած պայմաններուն պատճառով:

Սառոյցը կը փոխադրուի Նուքի նաւահանգիստէն (Կրինլենտ):

Սառոյցը կը փոխադրուի Նուքի նաւահանգիստէն (Կրինլենտ):

«Սառոյցը կը հալի, ծովուն մակարդակը կը բարձրանայ, ջերմաստիճանները կը բարձրանան, կլիմայի փոփոխութիւնը իրողութիւն է», կ՛ըսէ ծրագիրին նկարագրութիւնը:

Իլիասըն աշխատած է երկրաբան Մինիք Ռոզինկի հետ` ստեղծելու համար զետեղման արուեստի գործ մը, որ այս օրերուն բառացիօրէն կը հալի եւ կ՛աներեւութանայ: Այս երկուքը յղացած են ծրագիր մը` Դանիոյ կենսոլորտի, ուժանիւթի եւ կառուցումի նախարարութեան հետ քննելէ ետք կառավարութեան կողմէ հրապարակուած կլիմայի փոփոխութեան հինգերորդ տեղեկագիրը: Քոփենհակըն, որ կը ձգտի բնածուխի արտադրութենէ զերծ քաղաք մը ըլլալ մինչեւ 2025, այս ամիս կը հիւրընկալէ քննարկում մը` այս մասին:

Կրինլենտի սառցապատ տարածութիւններէն պոկուած սառցակոյտեր կը ծփան Նուփ Քանկերլուայի մէջ, որուն ընտրութիւնը կատարուած է գումակային նկատառումներով. սառոյցակոյտերը նուազագոյն ճիգով եւ բնական աղբիւրներու նուազագոյն սպառումով կարելի էր Նուփէն փոխադրել Քոփենհակըն:

Կրինլենտի սառցապատ տարածութիւններէն պոկուած սառցակոյտեր կը ծփան Նուփ Քանկերլուայի մէջ, որուն ընտրութիւնը կատարուած է գումակային նկատառումներով. սառոյցակոյտերը նուազագոյն ճիգով եւ բնական աղբիւրներու նուազագոյն սպառումով կարելի էր Նուփէն փոխադրել Քոփենհակըն:

«Սառոյցէ ժամացոյց»-ին սառոյցը իրօք կը կշռէ 100 թոն: Անիկա հաւաքուած է Ռոյըլ Արքթիք նաւագնացութեան ընկերութեան սուզորդներուն եւ Կրինլենտի մէջ նաւամատոյցներու վրայ աշխատողներու կողմէ: Սառոյցի զանգուածները բեռցուած են սառցարաններէ բաղկացած չորս բեռնարկղներու մէջ եւ Դանիա փոխադրուած են` հալելու համար Քոփենհակընի կեդրոնական հրապարակին վրայ: Մինչ սառոյցի զանգուածները կը ճաթռտին, կ՛անջատուին եւ կ՛անհետանան, մարդիկ ականատես կը դառնան, թէ ինչպէ՛ս կ՛ոչնչանայ հիւսիսային բեւեռի սառոյցը: Քոփենհակընի քաղաքապետ Ֆրանք Ենսըն եւ Դանիոյ կլիմայի, ուժանիւթի եւ կառուցումի նախարար Ռասմուս Հելվեկ Փեթըրսըն կը հովանաւորեն այս ուշագրաւ ցուցադրութիւնը:

«Սառոյցը կրնանք փրկել` նուազ ածուխ վառելով, ելեկտրականութիւնը խնայելով եւ աւելի լաւ ինքնաշարժներ քշելով», կ՛ըսէ Փեթըրսըն մամլոյ իր հաղորդակցութեան մէջ:

«Սառոյցէ ժամացոյցը բոլորիս կը յիշեցնէ, թէ այս վայրկեանիս ի՛նչ կը պատահի ժայռաբլուրներու միջեւ տարածուող ծովուն վրայ կազմուած սառոյցին», կ՛աւելցնէ Ենսըն:

Իլիասընի համար «պատկերացումը եւ ֆիզիքական փորձառութիւնը» արուեստի անհրաժեշտ յատկանիշներ են, սակայն անոնք նաեւ հիմնական երեւոյթներ են ընկերային դատերու պաշտպանութեան մէջ: «Իբրեւ արուեստագէտ` զիս կը հետաքրքրէ, թէ ինչպէ՛ս գիտելիքը կը ներկայացնենք պարունակի մը մէջ, թէ` ի՛նչ զգացում կը ստեղծէ մտածումը, թէ` ինչպէ՛ս զգացումի մակարդակի վրայ ընկալուած մտածումը կը խթանէ արարքը,- կը բացատրէ ան:- Բոլորս մաս կը կազմենք համաշխարհային «մենքին», բոլորս պէտք է միասին աշխատինք կայուն կլիմայ մը ապահովելու համար ապագայ սերունդներուն»:

«Սառոյցէ Ժամացոյց»-ը կը ցուցադրուի Քոփենհակընի Քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ:

«Սառոյցէ Ժամացոյց»-ը կը ցուցադրուի Քոփենհակընի Քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ:

Իլիասըն նախապէս եւս աշխատած է սառոյցի վրայ: Ան առիթով մը Այսլենտի մեծագոյն սառցալեռէն` Վաթնայոքուլէն սառոյցի մեծ զանգուածներ տարած է մինչեւ Նիւ Եորքի Արդի արուեստի թանգարանին ցուցասրահները, ուր այցելուներ կրնային քալել սառոյցի զանգուածներուն շուրջ, մինչ անոնք կը հալէին զերոյէն վար ջերմաստիճանով սառցարանի վերածուած տարածութեան մէջ: «Իլիասընի ծննդավայր Այսլենտի սառցալեռէն բերուած սառոյցին ֆիզիքական պատկերը կը ստեղծէ շօշափելի պատմութիւն մը, որ կ՛երկարի մարդկային կեանքի տեւողութենէն անդին,- ինչպէս կ՛ըսէր 2013-ի անոր ծրագիրին նկարագրականը:- Անոր մէջ ժամանակը կը հաշուըւի հազարաւոր տարիներով եւ ոչ թէ` պարզապէս տասնամեակներով»:

Կարելի է հարց տալ, թէ ինչո՞ւ Իլիասըն այսքա՛ն կը շտապէ երկրագունդին տատանող մէկ մասը դուրս բերելու համար իր բնական միջավայրէն: Ան հետեւեալ ձեւով կը բացատրէ իր արարքը.

«Քոփենհակըն փոխադրուած սառոյցի զանգուածները դուրս բերուած են սառցալեռներու միջեւ տարածուող ծովէն: Այսինքն անոնք արդէն պոկուած էին սառցապատ տարածութենէն եւ անվերադարձ կորսուած` ծովուն մէջ: Քոփենհակընի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ զետեղուած սառոյցի զանգուածները կը խորհրդանշեն համաշխարհային տարողութեամբ հարց մը: Նուքի ջուրերէն Քոփենհակըն փոխադրուած սառոյցին քանակութիւնը ոչ մէկ նշանակութիւն ունի` բաղդատած Կրինլենտի սառցահալին տարողութեան: Քոփենհակընի մէջ հալող 100 թոն ծանրութեամբ սառոյցը համազօր է Կրինլենտի մէջ իւրաքանչիւր հարիւրերորդ երկվայրկեանի արձանագրուած սառցահալին: Հիւսիսային բեւեռի ջերմացումին պատճառով հալող սառոյցին աներեւակայելի տարողութիւնը ինքնին կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ պէտք է արծարծել այս հարցը եւ գիտակցութիւն արթնցնել»:

Սառցակոյտեր կը բեռցուին Նուքի նաւահանգիստին մէջ եւ....

Սառցակոյտեր կը բեռցուին Նուքի նաւահանգիստին մէջ եւ….

կը զետեղուին Քոփենհակընի Քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ:

…կը զետեղուին Քոփենհակընի Քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ:

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES