Բնութիւն Եւ Մարդ. Բնակչութեան Աճը Վհատեցուցիչ Է Ներկայի Նախատեսութիւններով
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ «ԱՆԽՆԱՅ ԱՃԸ» ԱՅՆՔԱ՛Ն ԱՐԱԳ Է, ՈՐ ՆՈՅՆԻՍԿ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ԱՂԷՏ ՄԸ, ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՐՏ ՄԸ ԿԱՄ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿ ՄԸ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԿԱՍԵՑՆԵԼ ԶԱՅՆ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ»-Ի ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ԱՇԽԱՐՀԻ ԲՆԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ԹԻՒԸ ՄԻՆՉԵՒ 2100 ՊԻՏԻ ՀԱՍՆԻ 5-10 ՄԻԼԻԱՌԻ:
Ուսումնասիրութեան մը համաձայն, մարդկային բնակչութիւնը ներկայ դարուն «դատապարտուած է» անխնայ աճի եւ այս ընթացքը պիտի չփոխուի, նոյնիսկ եթէ տեղի ունենան աշխարհակործան աղէտներ, ինչպէս` Գ. Աշխարհամարտ մը կամ մահասփիւռ համաճարակ մը:
«Մէկ կոճակ սեղմելով»` բնակչութեան աճը կասեցնելու միջոց գոյութիւն չունի, որովհետեւ այնքա՛ն բազմացած է մարդկութիւնը, որ նոյնիսկ համաշխարհային աներեւակայելի աղէտներ պիտի չկարենան կասեցնել անոր աճը, ինչպէս կ՛եզրակացնեն ուսումնասիրողներ:
Թէեւ մարդկային բեղմնաւորումը կանխարգիլող բազմաթիւ միջոցառումներ որդեգրուած են աշխարհի այն վայրերուն մէջ, ուր բնակչութիւնը ամէնէն աւելի արագ կ՛աճի, սակայն անոնք միայն երկարատեւ ժամանակի վրայ իրենց ներգործութիւնը պիտի ունենան բնակչութեան աճին վրայ, եւ պէտք է համապատասխան ձեւով քայլ պահեն բնական աղբիւրներու սպառումը հակակշիռի տակ պահող միջոցներու հետ:
Միջավայրի եւ ապրող մարմիններու միջեւ յարաբերութեան երկու մասնագէտներ, որոնք սովորաբար կ՛ուսումնասիրեն վայրի բնաշխարհին մէջ ապրող անասուններուն աճը, եզրակացուցած են, թէ այսօր աշխարհի բնակչութեան թիւը ամէնէն անյաղթահարելի հարցերը պիտի ստեղծէ յառաջիկայ դարուն երկրագունդի վրայ կեանքի շարունակութեան համար, նոյնիսկ եթէ իւրաքանչիւր երկիր որդեգրէ «միայն մէկ զաւակ» ունենալու խիստ քաղաքականութիւնը, ինչպէս` Չինաստան:
«Մարդկային բնակչութեան համաշխարհային աճի ժողովրդագրական անխնայ պահանջը սկսած է մաշեցնել երկրագունդի կենարար աղբիւրները», ինչպէս կ՛ըսեն Ատըլէյտի համալսարանի դասախօս Քորէյ Պրատշօ եւ Թասմանիոյ համալսարանի դասախօս Պերի Պրուք, որոնց ուսումնասիրութիւնը լոյս տեսած է «Փրոսիտինկզ աֆ տը Նեշընըլ Աքատըմի աֆ Սայընսըզ» թերթին մէջ:
«Եթէ պահ մը մտածենք, թէ մահացութիւնը կանխարգիլող ներկայ կարելիութիւնները պիտի գոյատեւեն, ապա` նոյնիսկ եթէ անմիջապէս աշխարհի տարածքին որդեգրուի միայն մէկ զաւակ ունենալու քաղաքականութիւն մը, 2100-ին բնակչութեան թիւը պիտի պարզէ այսօրուան համապատասխան համեմատութիւն մը», կ՛ըսեն անոնք:
«Նոյնիսկ եթէ 21-րդ դարու կէսերուն պատահի զանգուածային մահ պատճառող աղէտ մը` խլելով 2 միլիառ զոհ, մինչեւ 2100 թուականը աշխարհի բնակչութեան թիւը պիտի հասնի 8.5 միլիառի», կ՛աւելցնեն անոնք:
Ներկայիս աշխարհի բնակչութեան թիւը 7.1 միլիառ է: Ժողովրդագրագէտներու նախատեսութեամբ, այս թիւը կրնայ 9 միլիառի հասնիլ մինչեւ 2050 թուականը եւ նոյնիսկ 25 միլիառի` մինչեւ 2100, թէեւ այս նախատեսութիւնները հիմնուած են ներկայի բեղմնաւորումի համեմատութիւններուն վրայ, որոնք կը նախատեսուի, թէ անկում պիտի արձանագրեն յառաջիկայ տասնամեակներուն:
Պրատշօ կը բացատրէ, թէ մարդկութեան աճի ուսումնասիրութիւնը կատարուած է այնպէս, ինչպէս միջավայրի եւ ապրող մարմիններու միջեւ յարաբերութեան մասնագէտ մը պիտի ուսումնասիրէր բնութեան ներգործութիւնը անասուններու վրայ` գիտնալու համար, թէ արդեօք համաճարակներ եւ աշխարհամարտեր հզօր ներգործութիւն կրնա՞ն ունենալ բնակչութեան աճին վրայ:
«Հիմնականին մէջ ի յայտ բերինք, թէ մարդկային բնակչութեան թիւը այնքա՛ն հսկայական է, որ ունի իրեն յատուկ ներքին ուժ մը: Կը նմանի արագ սուրացող ինքնաշարժի մը, որ կը կտրէ ժամական 150 մղոն: Կը սեղմենք արգելակը, սակայն ժամանակ կ՛առնէ, մինչեւ որ ինքնաշարժը կանգ առնէ», կը բացատրէ Պրատշօ:
«Աշխարհի բնակչութիւնը այնքա՛ն արագ բազմացած է վերջին դարուն, որ երկրագունդի վրայ երբեւիցէ ապրած մարդոց 14 առ հարիւրը կը շարունակէ ապրիլ այսօր: Ասիկա իրապէս սթափեցնող վիճակագրութիւն մըն է», կ՛ըսէ ան:
«Մինչեւ 2100 թուականը աշխարհի բնակչութեան աճի տարբեր պատկերացումներ քննեցինք` բաղդատելով բեղմնաւորութեան եւ մահացութեան համեմատութիւնները, կազմելու համար դարավերջի աշխարհի բնակչութեան թիւի հաւանական պատկեր մը»:
Ուսումնասիրողները պատկերացուցած են 9 տարբերակներ, որոնք ներկայ դարուն կրնան որոշել բնակչութեան աճին ընթացքը. անոնք կ՛ընդգրկեն «սովորական կեանքի» շարունակութիւնը` բեղմնաւորումի ներկայ համեմատութիւններով, մինչեւ` ամբողջ աշխարհի տարածքին միայն մէկ զաւակ ունենալու քաղաքականութեան որդեգրումը եւ համաշխարհային տարողութեամբ աղէտներ, որոնք կրնան խլել միլիառաւոր անձերու կեանքը:
«Զարմացանք, երբ ի յայտ բերինք, որ եթէ հինգ տարուան տեւողութեամբ Գ. Աշխարհամարտ մը խլէ նոյնքան թիւով զոհեր, որքան արձանագրուած է Ա. Աշխարհամարտին եւ Բ. Աշխարհամարտին, դարձեալ ոչ մէկ ձեւով պիտի խախտի ներկայ դարու մարդկային բնակչութեան աճը», կ՛ըսէ Պրուք:
Ընտանեկան ծրագրումի միջոցով բեղմնաւորումը կանխարգիլող միջոցառումները ի վերջոյ իրենց դերը պիտի ունենան սահմանափակ աղբիւրներու վրայ ճնշումը պակսեցնելու մէջ, սակայն` ոչ անմիջապէս, ինչպէս կը նախատեսէ ան:
«Մեր թոռներուն թոռներուն թոռները ի վերջոյ կրնան օգտուիլ նման ծրագիրներէ, սակայն ոչ` այսօր ապրող մարդիկը», կ՛ըսէ ան:
Փոփիւլէյշըն մեթըրզ բարեսիրական կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Սայմըն Ռոսի համաձայն, բարգաւաճող աշխարհի բնակչութեան ընտանեկան ծրագրումի արդի միջոցները ծանօթացնելը կրնայ արժել նուազ քան 4 միլիառ տոլար, ինչ որ համազօր է Բրիտանիոյ տարեկան պիւտճէին մէկ երրորդին:
«Թէեւ բեղնմաւորումի համեմատութիւնները նուազեցնելը արագ լուծում մը չ՛ընձեռեր, սակայն անիկա համեմատաբար աժան, վստահելի եւ ընդունելի ձեւ մըն է, որուն կողմնակի ազդեցութիւնները ընդհանրապէս դրական են: Մեզի համար ողջունելի է ընտանեկան ծրագրումի եւ սերնդագործութեան վերաբերող դաստիարակութեան ճանաչումը` իբրեւ երկրագունդի բնական աղբիւրներու շարունակականութիւնը դիւրացնող միջոց` երկար ժամանակի վրայ», կ՛ըսէ Ռոս:

