Քաջ Հովիւ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

1031shahansrpazanԻ՞նչ կը նշանակէ «հովիւ» ըլլալ, աւելի ճիշդ` հոգեւոր հովիւ, յաճախ մտովի հարց կու տամ անմեղօրէն: Ու դարձեալ ես ինծի կը պատասխանեմ, որ հոգեւոր հովիւը այն անձն է, որ ոչ միայն իր կեանքով ու գործով հաւատացեալին ճիշդ ճամբան ցոյց կու տայ, այլ նաեւ իր քայլերուն հետեւող համեստ ժողովուրդը այդ ճամբէն կ՛առաջնորդէ:

Որովհետեւ անկասկած որ նոյն այդ հովիւը ունի իր յատուկ առաքելութիւնն ու այդ պաշտօնին գիտակցութիւնը: Առաքելութիւն մը, որ միայն չի սահմանափակուիր սոսկ եկեղեցական պարզ, հասկնալի կամ յաճախ ալ անհասկնալի արարողութիւններով կամ ծէսերով, քարոզներով կամ աղօթքներով, այլ իր հաւատացեալներուն զանազան հարցերուն եւ մտահոգութիւններուն թարգմանը հանդիսանալով եւ իր իսկ կեանքի օրինակով ճշմարիտ ճամբան ցոյց տալով կ՛առաջնորդէ իր հօտը` ներողամիտ ոգիով, համբերատար կենցաղով, տիպար կեցուածքով, մաքուր նկարագիրով, հաստատ խօսքերով, մեծ հաւատքով, լայնատարած օրհնութիւններով, սրտագին պատգամներով, բարի մաղթանքներով, սրբատառ սաղմոսներով եւ աղօթքներով ու ծիսական բազմատեսակ արարողութիւններով:

Յառաջաբանս, անկախ իմ կամքէս, երկարեցաւ:  Պէտք է ներողամիտ ըլլալ:

Ուստի, պատի՛ւ բոլոր անոնց, որոնք ապրեցան ու կ՛ապրին ճիշդ կերպով, իրենց կոչումով, համոզումով  եւ գիտակցութեամբ ղեկավարելով եւ առաջնորդելով իրենց վստահուած հաւատացեալները: Անոնք բոլորն ալ մեծ գնահատանքի արժանի են, որովհետեւ իրենց հովուական տարիներու կեանքի ընթացքին շահած են մտերմութիւնն ու յարգանքը իրենց հետեւորդներուն եւ դարձած` մէկական արժանաւորներ:

Ահա, օրեր առաջ, նման արժանաւոր հովիւներէն մէկուն հանդիպեցանք մենք` սուրիահայերս, հոս մեր այս բազմաշերտ գաղութին մէջ (Միացեալ Նահանգներ, խմբ.):  Եւ հաստատօրէն այդ հովիւը ուրիշ մէկը չէր, եթէ ոչ`  Բերիոյ թեմի մեր բարեջան առաջնորդը`  Շահան արքեպիսկոպոսը:

Բոլոր ներկաներն ալ հաստատեցին, որ ինք քաջ եւ բարի հովիւն էր: Սրտակից եւ համբերատար: Հաճելի խօսակից, հանդարտ խոհակից մը  եւ նոյնքան ալ` խորհրդակից մեծ հոգեւորական մը:

Մենք` հայերս ազգովին աւանդապահ ժողովուրդ ենք: Ուր որ ալ ապրինք, ո՛ր երկինքի կամ աստղի տակ ալ ծնած ըլլանք, մեր արեան մէջ է այդ նկարագիրը: Նախ կը ստեղծենք, ամէն ճիգով կը հիմնենք մեր եկեղեցին: Կը հաւաքուինք ու կը համախմբուինք անոր շուրջը` միշտ անսալով մեր դարերու հաւատքի կանչին եւ համեստօրէն կը հետեւինք մեր հովիւին:

Այս բոլորին կողքին, մենք իրական ապրող մարդիկ ալ ենք: Կենսուրախ եւ երբեմն ալ` լաւատես ու միշտ ալ դժգոհ, բայց անպայման` հաւատացեալ ու որոշ չափով ալ միջուկով ազգայնական:

Սակայն հայրենասէրներ ալ ենք, եկեղեցասէրներ  ըլլալու չափ:

Իւրաքանչիւրս մեր հասկցած ձեւով եւ մեր տրամաբանութեամբ փորձած ենք եւ կամ կը փորձենք օգտակար դառնալ մեր հաւատքի տան եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Միշտ եւ ամէն առիթով բանով մը ապրեցուցած ենք եւ տակաւին կ՛աշխատինք ապրեցնել մեր ազգը եւ անշուշտ նաեւ մեր միակ հայրենիքը` Հայաստանը:

Եւ եթէ մեզմէ շատեր այս պարտականութիւնը վերցուցած են իրենց գործով, գաղափարներով, բազուկով, քրտինքով, աշխատանքով, ուրիշներ իրենց կեանքի բարոյական օրինակով զայն արժեւորած են:

Տակաւին, շատեր իրենց գրիչով, նոյնիսկ արիւնով եւ կեանքի նուիրումով, արիութեամբ եւ քաջութեամբ նուազագոյն կամ գերագոյն զոհողութեամբ եւ զոհաբերութեամբ, նիւթական բարերարութիւններով իրենց նպաստը բերած են ազգին եւ հայրենիքին:

Բայց ինչո՞ւ այս բոլորը: Ո՞վ է այս մտածումներուն տուն տուողը, ստեղծողը: Անկասկած, ինչպէս  վերը յիշեցի,  վերջերս մեր շրջանը այցելող մեր տառապեալ Բերիոյ թեմի քաջ սրբազան հայր` Շահան արք. Սարգիսեանը, որ եկած էր անձամբ իր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնելու մեր գաղութին` մեր բոլորին կողմէ սուրիահայութեան ի նպաստ ցարդ կատարուած նիւթաբարոյական զոհաբերութեան բոլոր նախաձեռնութիւններուն համար:

Սուրիա եւ մանաւանդ` Հալէպ: Այս օրերուն հազարաձայն հեւքով մեր քաղաքը: Ո՞վ չի յիշեր կամ չէ լսած անոր մասին, ուր կեանքը քաոս դարձած է: Սուրիա` երկիր մը, ուր մեր մայր գաղութը զոհ է աննպաստ պայմաններու: Հոն հայ ըլլալը եւ մնալը մեծ ճիգ կը պահանջէ, հաւատք ու գերագոյն  զոհաբերութիւն:

Ու Կլենտեյլի մեր մեծ եկեղեցւոյ կամարներուն տակ մեր հիւր սրբազան հայրը մեզի խօսեցաւ այն բառերով, որոնք հին օրերու գեղեցիկ յուշերու թարմացումը բերին:

Հանդարտ անկեղծութիւն մը կար իր դէմքին վրայ: Աշխատանք մը արդարացնելու յոյս: Կար նաեւ խոր երախտագիտութիւն եւ յուզում: Կը զգայիր, որ հոգիէդ բան մը կը փոխուէր այդ պահուն: Լաւով խանդավառեց բոլոր ներկաներս:

Յիշեցինք, որ տառապանքը կ՛ամրացնէ մեր ժողովուրդը: Դրոշմուած ապրումներ: Ուրեմն կարեւորը հոգեկան կապը պահելն էր:

Եւ ի՛նչ մեղքս պահեմ` Հալէպի կարօտը զիս բռնեց լալու աստիճան:

Ու այս երեկոյ, Աստուծոյ այդ տան մէջ, Շահան սրբազան իր մտերիմ դիմագիծով, իր անկեղծ ժպիտով, փոսը ինկած իր աչքերով, թէեւ մտահոգ էր, սակայն միշտ` յոյսով լի: Թէեւ ծանր բան մը բռնած էր ձայնը ու դէմքը գաղտնիքով մը` կարծրացած, սակայն արտասանած խօսերուն մէջ նոր երազներ կային: Բառերը լեցուն էին կրկին ապրելու կամքով: Յանդուգն ու անպարտելի:

Տոկալ, վերապրիլ, սիրել կեանքը եւ ստեղծագործել: Մայր գաղութը փրկել իր վարժարաններով, իր աշակերտներով եւ իր տառապեալ ժողովուրդով:

Ահա իր բառերուն մէջէն յայտնուող թափանցիկ մտածումներուն հիւսքը: Ինք չափած էր մեր յոյզերը, մեր ձգտումները: Մեծ յոյսեր ունէր, որովհետեւ հպարտ էր սուրիահայութեամբ:

Զմայլելի է հայու հոգին` միշտ կ՛ըսեմ ու կը կրկնեմ:

Յաճախ կը փորձենք դատարկել մեր ներսը, թափանցել մեր հոգիի խորքը: Ու կամայ թէ ակամայ կը տեսնենք կամ ալ հոն կը գտնենք բուն հայը, դարերէն մեզի հասնող հայը, իր աւանդապաշտ խառնուածքով,  իր ազգային բնոյթով եւ իր ամբողջ դրսեւորումներով:

Բոլորս ալ անհատապէս կը սիրենք ու կը գնահատենք այս հայը կամ հայուն այն տեսակը, որ եղած է ու կը մնայ: Մեզի համար նման հայը յաւերժական է եւ անմահ, այնքան ատեն որ մենք այդ հայը մեր մէջ կը պահենք ու կը պահպանենք:

Սակայն չմոռնանք, որ հայապահպանութիւնը ժողովներու սենեակներու մէջ չ՛որոշուիր, այլ միայն կարելի է պաշտպանել յարատեւ զոհողութիւններով ու զոհաբերութիւններով:

Շահան սրբազան:

Ինք իմ միակ հիացումս էր: Ծարաւ եւ սուր հետաքրքրութեամբ լսեցի զինք: Ան եկած էր այդ հայու ոգին անձամբ տեսնելու, շնորհաւորելու եւ անոր հոգեկան բովանդակութիւնը չափելու: Ինք մեզ` ներկաներս, զարմացուց եւ միաժամանակ եւ անկասկած միացուց:

Քաջ հովիւ մըն է Շահան սրբազան` կ՛ըսեմ ու ինծի հետ ըսին բոլոր ներկաները, անոր աչքերուն մէջ` ամրացած տեսիլքներ կային, իսկ սրտին մէջ մխրճուած յոյզեր: Ժամանակը ահազանգն է: Էական է, որ զինք յուսախաբ չընենք: Յիշենք իր պատգամը: Վերյիշենք իր կանչը, որովհետեւ վերջ ի վերջոյ մենք բոլորս ալ, մեծով ու պզտիկով, ո՛ւր որ ալ գտնուինք կամ ապրինք, պատասխանատու ենք մեր ազգի պատմութեան առջեւ:

 

Share this Article
CATEGORIES