Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Յիսնամեակի Կալա-Ընթրիքը Հայ Դպրոցի Զօրակցութեան Նոր Առիթ Մը Հանդիսացաւ
Տարուան մը վրայ երկարած յիսնամեակի տօնակատարութիւններէ ետք, ուրբաթ, 31 հոկտեմբերի երեկոյեան, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլէճը յոբելենական իր տարուան փակումը կատարեց կալա-ընթրիքով մը, որուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան, յիսնամեակի տօնակատարութիւններու նախագահ տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեաններ, հայ պետական եւ ազգային երեւելի դէմքեր, բարերարներ ու բարեկամներ: Երեկոն վայելեց բարձր հովանաւորութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին:
Կալա-ընթրիքին բացումն ու հանդիսավարութիւնը կատարեց քոլեճի նախկին շրջանաւարտ Րաֆֆի Կէօվօղլանեան: Այս առիթով խօսքեր արտասանեցին յիսնամեակի յոբելենական մարմինին անունով` նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեան, քոլեճի անցեալի եւ ներկայի տնօրէններ Կարօ Յովհաննէսեան եւ Վիգէն Աւագեան, յիսնամեակի տօնակատարութիւններու նախագահ Սարգիս Կիտցինեան եւ առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Խօսքերը շեշտեցին Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին ընդմէջէն հայ դպրոցին եւ հայ աշակերտին զօրավիգ կանգնելու կարեւորութիւնը: Անոնք լուսարձակի տակ առին քոլեճին ունեցած դերն ու վաստակը հայ կեանքի անցնող յիսուն տարիներուն եւ ընդգծեցին Պուրճ Համուտի սրտին մէջ գործող կրթական այս հաստատութեան միշտ յառաջադէմ եւ հզօր մնալու անհրաժեշտութիւնը, որպէս երաշխիք հայ կեանքի կենսունակութեան եւ հայեցի առողջ դիմագիծի պահպանման:
Խօսքերու կողքին տեղի ունեցաւ յիսնամեակի նախագահ ամոլի պարգեւատրում` յատուկ յուշանուէրով: Նոյն առիթով ընթերցուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի Հայրապետական օրհնութեան գիրը` Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի յիսնամեակին առիթով:
Կալա-ընթրիքի ամբողջ տեւողութեան ընթերցուեցան քոլեճին ի նպաստ աշխարհի տարբեր երկիրներէ կատարուած նուիրատուութիւններու ցանկեր, որոնց միացան քոլեճին Միացեալ Նահանգներու շրջանաւարտներուն եւ յիսնամեակի նախագահ ամոլին կողմէ կատարուած 25 հազարական ամերիկեան տոլարի նուիրատուութիւնները, որոնք կալա-ընթրիքին կատարուած նուիրատուութիւններուն ընդհանուր գումարը հասցուցին 170 հազար ամերիկեան տոլարի:
Կալա-ընթրիքը փակուեցաւ յիսնամեակի կարկանդակի հատումով եւ հայ դպրոցի բարգաւաճման բարեմաղթութիւններու փոխանակումով:
Աւարտին, ներկաներուն մէկական օրինակներ նուիրուեցան քոլեճին յիսնամեակի յուշամատեանէն:

