Նշմար. «Ազդակ»-ի 98-րդ Լսարանը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

1102_vahoՀինգշաբթի, 30 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Զեկուցում` Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած հայագիտական եւ գրադարանագիտական գիտաժողովներու մասին» խորագիրով կլոր սեղան մը, որուն կը մասնակցէին Միշիկըն համալսարանի Տիրպոռնի մասնաճիւղի հայագիտական հետազօտութեանց կեդրոնի վարիչ դոկտ. Արա Սանճեան, Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան եւ Հայկազեան համալսարանի զոյգ գրադարաններու տնօրէն Սոնիա Սիսլեան:

Վերոնշեալ լսարանը իր ձեւաչափով կը տարբերէր «Ազդակ»ի մինչ այդ կազմակերպած լսարաններէն: «Ազդակ»ի 98-րդը լսարանը անցեալին հետ խզում մը չէ, այլ պարզապէս նշեալ ձեւաչափով ապագայ այլ լսարաններու ազդանշանը: Այս ձեւաչափով առաջին լսարանին մասնակիցներուն բնոյթը ինքնին նշանակալից էր, որովհետեւ բոլոր մասնակիցներն ալ ակադեմական շրջանակի անդամներ էին, սակայն անհրաժեշտ է նաեւ արձանագրել, որ այդ մէկը, ինչպէս նաեւ լսարանին նիւթն ու մասնակիցներուն թիւը ձեռնարկի երկարատեւութեան ու ծանրութեան վերաբերեալ մտավախութիւններ չէր ստեղծած` վկայ ներկաներուն թիւը, որ քաջալերական էր: Եթէ նոյնիսկ ոմանց մտքին մէջ գոյութիւն ունէին այդպիսի մտավախութիւններ, «Ազդակ»ի հիւրերը կրցան փարատել զանոնք: Զեկուցաբեր ակադեմականները կրցան նիւթին տարբեր երեսները հետաքրքրական ձեւով ներկայացնել եւ ամբողջական պատկերացում մը տալ հայագիտութեան ու գրադարանագիտութեան մարզին մէջ տիրող ներկայ իրավիճակի տարբեր երեսներուն մասին եւ շինիչ երկխօսութեան մը ճամբով ներկաներուն փոխանցեցին այդ իրավիճակին վերաբերեալ նշումներ ու անձնական տեսակէտներ:

Մասնակիցներուն զեկուցումներուն ու նկատումներուն լոյսին տակ կարելի է եզրակացնել, որ այդ մարզերուն մէջ` մասնաւորաբար հայագիտութեան մարզին մէջ գլխաւոր բացթողումը Հայաստան – սփիւռք եւ միջհայաստանեան մակարդակներու վրայ, ինչպէս նաեւ հայագէտներու տարբեր սերունդներուն միջեւ համակարգումի չգոյութիւնն է, որուն պատճառով յաճախ մարդուժի եւ ժամանակի` հայ ժողովուրդին համար այդքան սուղ ներուժի անհարկի վատնում տեղի կ՛ունենայ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES