«9 Նոյեմբերի Հանրաքուէն Տեղի Պիտի Ունենայ, Սակայն Վերջին Խօսքը Չէ» Կ՛ըսէ Քաթալոնիոյ Ղեկավարը

Արթուր Մաս

Արթուր Մաս

Սպանիոյ Քաթալոնիա շրջանի ղեկավար Արթուր Մաս յայտնեց, որ անկախութեան շուրջ 9 նոյեմբերին նախատեսուած հանրաքուէն տեղի պիտի ունենայ, սակայն աւելցուց, որ ատիկա «վերջին խօսքը» պիտի չըլլայ:

Ան ըսաւ, որ հանրաքուէն իրաւաբանական այլ ձեւաչափի հիմամբ տեղի պիտի ունենայ` ըստ երեւոյթին շրջանցելով Մատրիտի կառավարութեան ընդդիմութիւնը:

«9 նոյեմբերի քուէարկութիւնը կրնայ վերջնականը նախապատրաստող քուէարկութիւն մը նկատուիլ», ըսաւ Մաս: Ան բացատրեց, որ բնական քուէարկութիւն տեղի պիտի ունենայ` քուէարկութեան կեդրոններ, քուէատուփեր, պիտի օգտագործուին քսան հազար կամաւորներ եւ Քաթալոնիոյ քաղաքապետական շէնքերը, ուստի սպանական կառավարութեան աջակցութեան կարիք պիտի չըլլայ:

«Քաթալոնիոյ կառավարութիւնը հասարակութեան կարծիքին խորհուրդը հարցնելու իրաւասութիւն ունի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Քաթալոնիոյ մէջ 16 տարեկանէն վեր եղող ամէն մարդ կրնայ հանրաքուէին մասնակցիլ:

Քաթալոնիոյ ղեկավարը խիստ կերպով քննադատեց Սպանիան ու անոր վարչապետ Մարիանօ Ռախոյը` Քաթալոնիոյ մէջ սկովտիական օրինակով հանրաքուէ մը չարտօնելնուն համար:

«Բուն հակառակորդը սպանական պետութիւնն է, որ ամէն ինչ ըրաւ մեզի քուէարկել արգիլելու համար», ըսաւ Մաս:

Անցեալ երկուշաբթի գիշեր Քաթալոնիոյ շրջանային կառավարութիւնը յայտարարեց, որ հանրաքուէն ջնջուած է, սակայն Մաս առտուն լրագրողներուն յայտնեց, որ անիկա տեղի պիտի ունենայ:

Անդրադառնալով Սպանիոյ վարչապետին երէկ ըսած այն խօսքին, թէ հանրաքուէէն հրաժարիլը «հոյակապ լուր է», Մաս ըսաւ. «Երբեմն այդպիսի լուր մը միայն քանի մը ժամ կը տեւէ»:

Share this Article
CATEGORIES