Քիեւ Տոնպասի Վերականգնումը 2 Միլիառ Տոլարով Գնահատած Է

1021_DonbasGazeta.ru կայքը կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ ելեւմուտքի նախարար Ալեքսանտր Շլափաք Ուաշինկթընի մէջ յայտնած է, որ Քիեւ մտադիր է Ուքրանիոյ արեւելեան մասին քանդուած ենթակառոյցներու վերականգնման համար ծախսել առնուազն երկու միլիառ տոլար:

«Դժբախտաբար, այսօր կայ երկու «Տոնպաս»: Եթէ խօսինք տարածքին մասին, որ կը վերահսկէ Ուքրանիան, ապա նախնական գնահատականներով, անոր վերականգնման համար պիտի պահանջուի շուրջ երկու միլիառ տոլար: Նուիրատուութեան գիտաժողովին, որ մենք կը նախատեսենք կատարել դեկտեմբերին` Քիեւի կամ Պրիւքսէլի մէջ, ուքրանական կողմը արդէն պիտի ունենայ նախագծային պատրաստութիւն», նշած է նախարարը:

Շլափաք բացատրած է, որ խօսքը նախ եւ առաջ ջուրի եւ ելեկտրականութեան մատակարարման ենթակառոյցներու, կազատար խողովակներու մասին է: Միեւնոյն ժամանակ, ան նշած է, որ աւելի վատ վիճակը Տոնպասի այն մասին մէջ է, որ կը գտնուի Ուքրանիոյ չենթարկուող գօտիին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES