Թուրքիա Յունական Գիւղ Մը Վաճառքի Հանած Է

1027_Levisi«Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական «Անթալիապիւկիւն» կայքը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները աճուրդի հանած են անցեալ դարասկիզբին Յունաստանէն բռնագրաւուած Լեւիսի (թրքական վերանուանումով` Քայաքոյ) գիւղը, որուն վերջին յոյն բնակիչները զայն լքած են 30 յունիս 1923-ին` Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բնակչութեան փոխանակման մասին համաձայնութեան հիմամբ: Թուրքիան մտադիր է ներդրողներ գտնել յունական պատմական գիւղը վերականգնելու համար, որպէսզի այնտեղ զբօսաշրջիկներ ներգրաւէ: Գիւղին մէջ հարիւրաւոր քանդուած տուներ եւ երկու եկեղեցիներ մնացած են: Այժմ անիկա կողքի Ֆեթիէ ծովային հանգստեան վայր ժամանողներուն համար կ՛օգտագործուի իբրեւ կառատուն:

Գիւղի վերականգնման նախագիծով, որուն արժէքը 10,5 միլիոն եւրօ է, ներկայ դրութեամբ հետաքրքրուած են երկու ընկերութիւններ: Թրքական կառավարութիւնը յունական գիւղը կը փորձէ վաճառել արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով: Առաջին աճուրդը ձախողած էր: Գործիչները Դիմատետրի վրայ «Քայաքոյի փրկութիւնը» էջը ստեղծած են` կոչ ուղղելով զայն վերանորոգելու Յունաստանի մասնակցութեամբ եւ առանց վնասելու շրջակայ միջավայրին ու գիւղի պատմական արժէքին: Շատերն ալ դէմ են գիւղի վերականգնման` գտնելով, որ անիկա կրնայ կորսնցնել իր իւրօրինակութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES