Տաւութօղլու. «Թանափ-ը Խաղաղութիւն Պիտի Բերէ Կովկասին»

Ահմեթ Տաւութօղլու
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան կրցած են իրականութիւն դարձնել Անդրանատոլական կազատար խողովակաշարը:
Ըստ անոր, այդ նախագիծը Թուրքիոյ համար կարեւոր է ուժանիւթի պահանջարկը բաւարարելու տեսանկիւնէն, ինչպէս նաեւ երկիրը տարանցիկ տարածքի վերածելու համար` Պալքաններ եւ Եւրոպա ուժանիւթի արտածման համար:
«ԹԱՆԱՓ-ի ծիրին մէջ կազատարը Ազրպէյճանէն Թուրքիա պիտի հասնի Վրաստանի միջոցով: 16 միլիառ խորանարդ մեթր ազրպէյճանական կազէն 6 միլիառ խորանարդ մեթրը պիտի օգտագործուի թրքական տնտեսութեան կարիքներուն համար, իսկ մնացեալը պիտի հասնի Եւրոպա եւ Պալքաններ», ըսած է ան:
Թուրքիոյ վարչապետը յայտնած է, որ կազի ծաւալները աստիճանաբար պիտի աւելցուին` 2026-ին հասնելով 31 միլիառ խորանարդ մեթրի:
Տաւութօղլու նշած է, որ իրենք կը հաւատան, որ 21-րդ դարը ուժանիւթի դարն է, իսկ ԹԱՆԱՓ-ի միջոցով տարբեր երկիրներ պիտի մերձենան:
«Ատիկա Կովկասին խաղաղութեան հեռանկար պիտի բերէ, որովհետեւ անիկա յայտնի է իր ճգնաժամերով, եւ անիկա կամուրջով պիտի կապուի Պալքաններուն», ըսած է Տաւութօղլու:

