Վերջին 72 Ժամուն Ռուսիա Փորձարկած Է Հիւլէական Զէնքի Բոլոր Տեսակները
«Քոմերսանթ»` վկայակոչելով ռուս-նորվեկիական յարաբերութիւններու հետաքննութեամբ զբաղող «Պարենց Օպզըրվըր» պարբերաթերթը, կը հաղորդէ, որ ռուսական բանակը վերջին 72 ժամուան ընթացքին փորձարկած է իր զինանոցին մէջ գոյութիւն ունեցող հիւլէական զինամթերքի բոլոր տեսակները:
Պարբերականին պարզաբանումով` ռուսական բանակը փորձարկումներ կատարած է Ատլանտեանէն մինչեւ Քամաչաթքայի թերակղզի երկարող հատուածին մէջ: Հետազօտութիւններու կեդրոնը Պարենցի ծովու շրջանը դարձած է:
Ուսումնական փորձերուն մասնաւորաբար մասնակից դարձած են տիեզերական զօրքերը, որոնք պատասխանատու են հեռահար հրթիռներու արձակման, որոնք կրնան հիւլէական մարտագլխիկներ տեղափոխել: Այդ զօրքերը նաեւ պատասխանատու են նաեւ հիւլէական ստորջրեայ նաւակներու եւ հիւլէական զէնքերու արձակման:
CATEGORIES Միջազգային

