Լուկանսքի Եւ Տոնեցքի Մէջ Նախագահական Եւ Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

Ալեքսանտր Զախարչենքօ
Երէկ արեւելեան Ուքրանիոյ Տոնեցքի ժողովուրդի հանրապետութեան եւ Լուկանսքի ժողովուրդի հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցան նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնք Արեւմուտքին կողմէ «ապօրինի» հռչակուեցան: Ուքրանիա, Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպական Միութիւնը յայտնեցին, որ ընտրութեանց արդիւնքները պիտի չճանչնան, սակայն Ռուսիա զօրակցութիւն յայտնեց ընտրութիւններուն:
Երկու շրջաններու ղեկավարները կը յայտնեն, որ իբրեւ անկախ պետութիւններ իրենք պարտաւոր չեն ուքրանական օրէնքը յարգելու, ուստի չեն մասնակցած անցեալ շաբաթ Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն:
Տոնեցքի շրջանի ընտրական յանձնախումբի ղեկավար Ռոման Լիակին ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Այս ընտրութիւնները կարեւոր են, որովհետեւ օրինականութիւն պիտի տան մեր իշխանութեան եւ մեզ աւելի պիտի հեռացնեն Քիեւէն»:
Կը նախատեսուի, որ Տոնեցքի մէջ տեղւոյն վարչապետ Ալեքսանտր Զախարչենքօ դառնայ Տոնեցքի ժողովուրդի հանրապետութեան նախագահ, իսկ ըստ ռուսական լրատուամիջոցներուն, Լուկանսքի մէջ յաղթանակ արձանագրէ Իկոր Փլոթնիցքի:

