Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը պէտք է կատարուի` աշխուժացնելու համար երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Մըքտատ յայտնեց, որ իրենց ծրագիրն է երկիրը պաշտպանել եւ սադրանքները արգիլել:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքներէն, կը գրէ, թէ իրենց զաւակները ազատ արձակելու առումով դրական նշաններ առկայ են:
ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզու նշեց, որ բանակը կրնար Թրիփոլիի ճակատամարտին առաջքը առնել եւ դիմել օրինական հետապնդումներու:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի յայտնեց, որ այս հանգրուանին իրենք կարիքը ունին հանրապետութեան հզօր նախագահի մը, որ քաղաքական եւ ժողովրդային նկատառելի կշիռ մը ունենայ:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը նպաստած է հաւատադրժողական նպատակները հարուածելու ծրագիրին:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ բանակը կարողութիւն ունի Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող ահաբեկիչները մաքրագործումի ենթարկելու, եթէ անոր նկատմամբ քաղաքական հովանաւորութիւնը երաշխաւորուի:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով զինուորական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ շէյխ Պիլալ Տըքմաք կը կազմէ ահաբեկիչներու խմբաւորում մը, որ կը ծրագրէ հիմնել իսլամական էմիրութիւն մը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ լիբանանեան պետութեան ուղիին վերադառնալու համար պէտք է բոլորս ուղղուինք փոխըմբռնումի եւ երկխօսութեան:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Պիլալ Տըքմաքի հայրը խոստովանած է, որ իր տղան ՏԱՀԵՇ-ի հաշուոյն կը գործէ:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ զգուշացուց Լիբանանի մէջ Իսրայէլի եւ հաւատադրժողական շարժումներուն հանդիպումէն` ընդգծելով, որ իրենք կը փափաքին Լիբանանը ապահով պահել:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Ռահհալ յայտնեց, որ հիւսիսային Լիբանանի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի ծրագիրը ձախողութեամբ աւարտած է, երբ ի յայտ եկած է, թէ հիւսիսային Լիբանանի մէջ ահաբեկչութիւնը հիւրընկալող սիւննիական միջավայր գոյութիւն չունի:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, շէյխ Պիլալ Տըքմաքի եւ Ահմետ Սելիմ Միքաթիի ահաբեկչական խմբաւորումները կապուած են հիմնական մէկ խմբաւորումի, որուն նպատակն էր Թրիփոլին վերածել իսլամական պետութեան մէկ էմիրութեան:
ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 4 նոյեմբերին, Հարաւային արուարձաններու Ռայա մարզադաշտին մէջ տեղի ունենալիք Աշուրայի հաւաքին առիթով, ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրուած են:
ՊԱԱԼՊԵՔԻ «Ժամմալ» դրամատունէն Կեդրոնական դրամատան Պաալպեքի մասնաճիւղը ուղղուող պաշտօնեաներ, որոնք 500 միլիոն լ. ոսկի կը փոխադրէին, անծանօթներու կողմէ ենթարկուեցան գողութեան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Պասեմ Շապ յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած միջադէպերը ցոյց կու տան, թէ ինչպէ՛ս ժողովուրդը կը պաշտպանէ լիբանանեան բանակը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ կոչ ուղղեց արագացնելու երեսփոխանական յանձնախումբերուն հանդիպումները, որպէսզի կարելի ըլլայ վաւերացնել պետական պաշտօնեաներու, ուսուցիչներու եւ զինուորականներու աշխատավարձի յաւելումներուն վերաբերող օրինագիծը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ ինք սպառնալիքներ ստացած է Թրիփոլի եւ Տըննիէ չուղղուելու` նկատի ունենալով, որ այդ շրջաններուն մէջ կը տիրէ ապահովական շատ վտանգաւոր կացութիւն:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ահաբեկիչները կը փափաքին առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարը բաց պահել` զայն բանակին դէմ օգտագործելու նպատակով:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաժի Ղարիոս յայտնեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու նիստին մասին համախմբումը իր կարծիքը պիտի յայտնէ երեքշաբթի օրուան իր ընթացիկ նիստէն ետք:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ապահովական կառոյցները մտահոգ են, որ ահաբեկիչ ուժերը պիտի վերադառնան ականուած ինքնաշարժներու օգտագործման գործելաձեւին:

