Ժահժահ Անհաւանական Կը Նկատէ Մօտիկ Ապագային Նախագահական Ընտրութիւն Կատարել

Սամիր Ժահժահ

Սամիր Ժահժահ

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինք անհաւանական կը նկատէ, որ մօտիկ ապագային Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարուի կամ քաղաքացիական պատերազմ բռնկի, հակառակ երկրին մէջ տիրող քաղաքական տագնապներուն:

Ժահժահ յայտնեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան կայացումը կը խանգարեն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումն ու Հըզպալլայի երեսփոխանական պլոքը:

Ժահժահ յայտնեց, որ թէեւ իրենք դէմ են խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին, սակայն Լիբանանը անիշխանութեան մատնելու պարագային հետ լրջօրէն վարուելու պատասխանատուութիւն կը զգան:

Ան կոչ ուղղեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունին միասնաբար համաձայնելու նախագահական ընտրութեան երրորդ թեկնածուի մը հետ:

Ժահժահ դարձեալ կոչ ուղղեց Հըզպալլային վերջ տալու Սուրիոյ բախումներուն իր մասնակցութեան:

Share this Article
CATEGORIES