«Աշուրայի Տօնին Առիթով Պետական Դպրոցները Փակ Պիտի Մնան Երեքշաբթի Օր» Ըսաւ Կրթութեան Նախարարը

Էլիաս Ապու Սաապ

Էլիաս Ապու Սաապ

Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ յայտնեց, որ  այսօր լիբանանեան պետական բոլոր դպրոցներուն մէջ դասի բնական օր է` ընդգծելով, որ Աշուրայի սգատօնին առիթով դպրոցները փակ պիտի մնան միայն երեքշաբթի օր:

Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Ապու Սաապ յայտնեց, որ Թրիփոլի իսլամ չափաւորականութեան քաղաքն է եւ փաստած է, որ անիկա ահաբեկչութիւնը ընդգրկող քաղաք չէ:

Ան կոչ ուղղեց Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահերի եւ բանակին դէմ արտայայտուող ոեւէ երեսփոխանի անձեռնմխելիութիւնը չեղեալ նկատելու, աւելցնելով, որ երկիրը պատերազմի մէջ կը գտնուի եւ բանակը կասկածի տակ առնող կողմը դաւաճան է:

Share this Article
CATEGORIES