Զօր. Աուն. «Խորհրդարանի Պաշտօնավարութիւնը Երկարաձգելու Պատճառաբանութիւնները Անհիմն Են»

Զօր. Միշել Աուն

Զօր. Միշել Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին «Թուիթըր»-ի իր անձնական հաշիւին մէջ տեղադրեց յայտարարութիւն մը, որուն հիման վրայ նշուեցաւ, որ անիշխանութենէ խուսափելու համար խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու պատճառաբանութիւնը անհիմն է եւ անճիշդ:

Ան աւելցուց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին պատճառը երեսփոխանական ընտրութիւններն են եւ ոչ թէ անշխանութիւնը:

Միւս կողմէ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան իրաւաբաններու խորհուրդին ընթրիքին ընթացքին զօր. Աուն յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւն պիտի կատարուի, երբ բոլորը ընդունին, որ քրիստոնեայ համայնքը նախագահութեան առումով եւ խորհրդարանին մէջ ճշգրիտ ներկայացուցչութեան իրաւունք ունի:

Share this Article
CATEGORIES