Սայտայի Մէջ. Բանակը Վնասազերծեց Ական Մը
Երէկ երեկոյեան Սայտայի մէջ լիբանանեան բանակը բացայայտեց եւ վնասազերծեց ական մը, որ 700 կրամ «Թի. Էն. Թի.» պայթուցիկ նիւթ կը պարունակէր, ինչպէս նաեւ հեռուէն պայթեցուց երկու ձեռնառումբեր, որոնք պայթուցիչով մը միացուած էին:
Ականը եւ ձեռնառումբերը զետեղուած էին Սայտայի մայր ճամբէն դէպի Հըզպալլայի կազմակերպած Աշուրայի հաւաքավայրը տանող ճամբուն վրայ` մզկիթի մը մօտ:
Բանակը շրջափակեց ճամբաները, խստացուց իր հսկողութիւնը, ինչպէս նաեւ զետեղեց անցարգելներ:
Այս դէպքին պատճառով Աշուրայի տօնին առիթով սուգի հաւաքը ջնջուեցաւ:
CATEGORIES Լիբանանեան

