Թրիփոլիի Մէջ Բանակը Ձերբակալեց Յանցագործներ

1102_army_in_tripoliԼիբանանեան բանակը շաբաթավերջին շարունակեց Թրիփոլիի մէջ ձերբակալումներ կատարել. այս շրջագիծին մէջ բանակը ձերբակալեց Թաուֆիք Մոհամետ Աքքուշը եւ Մոհամետ Ահմետ Աքքուշը, որոնք Պհանինի մէջ բանակայիններու վրայ կրակ բացած էին:

Պհանինի արուեստից դպրոցին մօտակայքը բանակը գրաւեց նաեւ մեծ թիւով զէնք ու զինամթերք:

Աքքարի մէջ բանակը ներխուժումներ կատարեց Պըտտաուիի պաղեստինեան գաղթակայանին շրջակայքը գտնուող շրջանները, ուր փնտռեց դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած կասկածելի զինեալներ:

Share this Article
CATEGORIES