Ռիֆի Կը Հերքէ Տիպ Լահիպի Դէմ Ամբաստանութիւնները

Աշրաֆ Ռիֆի

Աշրաֆ Ռիֆի

Շաբաթ, 1 նոյեմբեր 2014-ի իր թիւին մէջ «Ախպար» օրաթերթը հրապարակեց յօդուած մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ձերբակալուած է արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի թիկնապահ զինուորական Տիպ Լահիպ, որ Արսալի զինեալներուն եւ ահաբեկիչներու նիւթական օժանդակութիւն կը մատակարէր:

Մանրամասնութիւններ հաղորդելով այս օժանդակութեան մասին, նոյն օրաթերթին մէջ նշուեցաւ, որ Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող ահաբեկիչներուն փոխանցուած գումարը 280 հազար տոլար է:

Ռիֆի փութաց հերքելու իր թիկնապահին հասցէին ուղղուած այս ամբաստանութիւնները` շեշտելով, որ Տիպ Լահիպ իր բնակարանին մէջ կը գտնուի եւ ան առողջական հարց մը կը դիմագրաւէ` աւելցնելով, որ ձերբակալութեան արժանի է ան, որ նման սուտասանութիւններ հրատարակած է:

Աւելի ուշ, Ռիֆի այցելեց իր թիկնապահին բնակարանը, ուր Տիպի ներկայութեան ընդգծեց նման գրգռութիւններու հրահրումը կասեցնելու անհրաժեշտութիւնը` հիմնել կարենալու համար լիբանանեան պետութիւնը:

Ռիֆի յայտնեց, որ բանակը պէտք է նաեւ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններ եւ Ժապալ Մըհսեն ներխուժէ, որպէսզի գրաւէ հոն գտնուող մեծ քանակութեամբ զէնքերն ու զինամթերքը:

Ռիֆի յայտնեց, որ Տիպ երկու ամիսէ ի վեր տիսքի հարց ունի եւ բնակարանին մէջ ապաքինումի հանգրուան մը կ՛անցընէ` աւելցնելով, որ ինք «Ախպար»-ի դէմ դատական հարց պիտի յարուցէ:

Մուսաուի Կը Պատասխանէ

Նշենք, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի երէկուան իր յայտարարութեան մէջ անդրադարձաւ Ռիֆիի կատարած անուղղակի այն ամբաստանութեան, թէ Հըզպալլա եւս հաւատադրժողական կազմակերպութիւն կը նկատուի:

Մայսել Ժապալի մէջ Աշուրայի սգատօնին առիթով կազմակերպուած հաւաքի մը ընթացքին Մուսաուի յայտնեց, որ Դիմադրութեան մարտիկները եւ ոճրագործները միատեղ կարելի չէ համեմատել, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան վեհ գաղափարները անկարելի է համեմատել հաւատադրժողական շարժումներուն մտայնութեան հետ:

Մուսաուի կոչ ուղղեց, որ արդարութիւն բանեցնելու պարտականութիւն ստանձնող կողմերը իրենց պատասխանատուութիւնները ստանձնեն եւ ոչ թէ իրենք բեռ դառնան արդարութեան ուսին:

 

Share this Article
CATEGORIES