Պասիլ Այցելեց Աքքար
Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ այցելեց Աքքարի Ռմահ սահմանամերձ գիւղաքաղաքը, ինչպէս նաեւ Այտամունի շրջանը, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակ բանակային Մոհամետ Ասեմ Տահերի ընտանիքին:
Ցաւակցութեան ներկայ գտնուեցան Այտամունի հեղինակութիւններն ու քաղաքապետը:
Պասիլ այցելեց նաեւ Աքքարի Անտքեթ գիւղաքաղաքը, ուր ներկայ գտնուեցաւ Մար Մարուն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին:
Անտքեթի մէջ Պասիլ իր արտասանած խօսքով հաստատեց, որ պէտք է անսալ այդ շրջաններուն կարիքներուն եւ հոն բարգաւաճման ծրագիրներ իրականացնել:
Պասիլ նշեց, որ ապահովական իմաստով իրենց մտավախութիւնները փարատած են` նկատի ունենալով բանակին նուաճումները եւ աւելցնելով, որ իրենք մնայուն կերպով պիտի զօրակցին Աքքարի:
Միւս կողմէ, Պասիլ դրուատեց Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը` զայն նկատելով բոլոր համայնքներուն ճշգրիտ խորհրդարանական ներկայացուցչութիւնը ապահովող միակ օրինագիծը:
Պասիլ այցելեց նաեւ Շատրա, Մաշթա Հասան եւ Մաշթա Համմուտ գիւղաքաղաքները` հաստատելով Աքքարի գոյապայքարին անհրաժեշտութիւնն ու ազգային միասնականութեան պահպանումին կարեւորութիւնը:
Քպէյյաթի մէջ Պասիլ այցելեց նահատակ բանակային Ժամալ Հաշեմի ընտանիքին եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոր:

