Էրտողան. «Հայաստանը Անպատասխան Ձգեց Մեր Բարի Մտադրութիւնները»

Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան

Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ֆրանսա իր այցելութեան ընթացքին Ֆրանսայի Միջազգային յարաբերութեանց հիմնարկին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման համար իրենք քայլերու ձեռնարկած են, սակայն իրենց «բարի մտադրութիւնները» անպատասխան մնացած են:

«2015-ին, այսինքն` 1915-ի դէպքերու տարելիցին, մենք պիտի շարունակենք ջանքեր գործադրել, որպէսզի աշխարհ իրականութիւնը գիտնայ: Կասկած չկայ, որ այս հարցին մէջ ոչ թէ յօրինուած կամ գաղափարախօսութեան գերի ու քաղաքական նիւթ դարձած պատմութիւնը պիտի յաղթէ, այլ` իսկական պատմութիւնը», յայտարարած է Էրտողան:

Ան նշած է, որ Թուրքիոյ դէմ տարիներ շարունակ ճնշում կը գործադրուի տարբեր հարցերու մէջ, որոնց շարքին` 1915-ի առնչութեամբ:

«Հակառակ մեր կառուցողական մօտեցումին, Հայաստանն ու հայկական սփիւռքը ողջախոհ մօտեցում չեն ցուցաբերեր այդ հարցը քաղաքական հարց չդարձնելու, զայն պատմաբաններուն ձգելու հարցին մէջ: Ձգենք պատմաբաններուն», ըսած է Էրտողան:

Ան դարձեալ յայտարարած է, որ իրենք բացած են արխիւները, ուր միլիոնէ աւելի փաստաթուղթեր կան:

«Եթէ Հայաստանն ալ այդպիսի արխիւ ունի, թող բանայ, երրորդ երկիրներն ալ եթէ ունին, թող բանան, եւ այդ փաստաթուղթերուն հիման վրայ պատմաբանները թող աշխատին, հնագէտները թող աշխատին, իրաւագէտները, քաղաքագէտները: Անոնց կատարած բացայայտումներուն զարգացման համար ձեռք երկարողը դարձեալ մենք եղանք, սակայն մեր բարի կամքը դժբախտաբար, պատասխան չստացաւ», ըսած է Թուրքիոյ նախագահը:

Միւս կողմէ, «Արմէնփրես»` վկայակոչելով ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ Թուրքիոյ նախագահին հետ իր հանդիպումէն ետք լրագրողներուն յայտնած է, որ ինք Էրտողանի հետ քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցը: Անոնք քննարկած են ղարաբաղեան տագնապի լուծման խնդիրով զբաղող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի գործունէութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES