Երեւանի Մէջ Յառաջիկայ Տարի Ճափոնի Դեսպանութիւն Պիտի Բացուի
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց Ճափոնի միջազգային համագործակցութեան գործակալութեան փոխտնօրէն Քայէ Եանակիսաւան:
«Մենք կ՛ողջունենք յառաջիկայ տարի նախատեսուած Երեւանի մէջ Ճափոնի դեսպանութեան հիմնումը, որ վստահաբար կը նպաստէ երկկողմ յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման», ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան ըսած է Նալբանդեան:
Քայէ Եանակիսաւա իր կարգին ըսած է, որ Ճափոն շահագրգռուած է Հայաստանի հետ բարեկամական համագործակցութեան զարգացումով եւ ծրագրած է յաւելեալ քայլեր առնել այդ ուղղութեամբ:
Զրուցակիցները համակարծիք եղած են, որ վերջին տարիներուն հայ-ճափոնական յարաբերութիւնները աշխուժ զարգացում ապրած են: Արդիւնաւէտ համագործակցութիւն կ՛ընթանայ բնական աղէտներու կանխարգիլման, նաեւ ուժանիւթի եւ գիւղատնտեսութեան մարզերուն մէջ:

