«Ցաւալի Է, Որ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Տակաւին Լուծուած Չէ» Կ՛ըսէ Վրացի Նախարար Մը

Փաաթա Զաքարէիշվիլի

Փաաթա Զաքարէիշվիլի

Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի վերահամարկման հարցերու պետական նախարար Փաաթա Զաքարէիշվիլի յայտարարած է. «Շատ ցաւալի է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը կը մնայ չլուծուած»:

Վրաստանի ազրպէյճաներէնով գրող լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին նախարարը յիշեցուցած է, որ տագնապին լուծումով կը զբաղի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը:

«Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներու Փարիզի մէջ դէմ առ դէմ հանդիպումը յոյս կը ներշնչէ, որ այդ խնդիրին լուծման ուղղութեամբ դրական քայլ պիտի կատարուի: Ատիկա լաւ նշան է: Կը հաւատանք, որ այդ ուղղութեամբ հանդիպումներու կայացումն ու անոնց դրական զարգացումները պիտի տան դրական արդիւնքներ», ըսած է վրացի նախարարը:

Share this Article
CATEGORIES