«ՔՈՓԱ ԱՄԵՐԻՔԱ». ՓԱՐԱԿՈՒԷՅ ԱՊԱՀՈՎԵՑ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻ ԻՐ ՏՈՄՍԸ` ՓԵՆԱԼԹԻՆԵՐՈՎ (5-3) ՅԱՂԹԵԼԷ ԵՏՔ ԱՆԲԱԽՏ ՎԵՆԵԶՈՒԵԼԱՅԻ
1979-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով Փարակուէյ հասաւ «Քոփա Ամերիքա»ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականին` փենալթիներով (5-3) յաղթելէ ետք անբախտ Վենեզուելայի: Մրցումին 120 վայրկեանները աւարտեցան 0-0 արդիւնքով:
Փարակուէյի յետսապահ Տարիօ Վերոն նշանակեց իր կազմին յաղթանակի փենալթին, որուն շնորհիւ անոր կազմը ապահովելով աւարտականի իր տոմսը` յառաջիկայ երկուշաբթի օր պիտի ճակատի Ուրուկուէյի դէմ (Պուէնոս Այրեսի մէջ):
Նշենք, որ Վենեզուելայի անբախտ մարզիկները երեք անգամ հարուածեցին Փարակուէյի բերդին սիւնին:
Երէկուան այս մրցումին Փարակուէյի մարզիկներէն Եոնաթըն Սանթանա 103-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Նշենք, որ մրցումէն ետք դաշտին վրայ երկու խումբերու մարզիկներուն եւ պատասխանատուներուն միջեւ պզտիկ կռիւ մը տեղի ունեցաւ:
CATEGORIES Մարզական