Բրիտանիոյ Եւրոպայի Հարցերով Նախարարը Հայաստան Պիտի Այցելէ

1031_David-Lidington

Տէյվիտ Լիտինկթըն

Պաշտօնական այցելութեամբ 3 նոյեմբերին   Հայաստան պիտի հասնի Բրիտանիոյ Եւրոպայի հարցերով պետական նախարար Տէյվիտ Լիտինկթըն:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ բրիտանացի նախարարը պիտի ընդունուի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ: Նոյն օրը տեղի պիտի ունենան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Տէյվիտ Լիտինկթընի բանակցութիւնները, որոնց պիտի յաջորդէ մամլոյ միացեալ ասուլիս մը:

Բրիտանացի նախարարը պիտի այցելէ Ծիծեռնակաբերդ, ուր յարգանքի տուրք պիտի մատուցէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու  յիշատակին:

 

Share this Article
CATEGORIES