Պելճիքայի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Նախագահ Սարգսեանին
Հայաստանի մէջ Պելճիքայի նոր նշանակուած դեսպան Ալեքս Վան Մէուվեն անցեալ շաբաթավերջին իր հաւատարմագիրները յանձնեց նախագահ Սերժ Սարգսեանին:
Նախագահը ընդգծեց, որ Հայաստան Պելճիքայի հետ յարաբերութիւնները կարեւոր կը նկատէ ոչ միայն երկկողմ, այլեւ եւրոպական կառոյցներու շրջանակին մէջ համագործակցութեան տեսանկիւնէն: Այդ ծիրին մէջ կողմերը անդրադարձան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարին:
Նախագահ Սարգսեանի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ դեսպան Ալեքս Վան Մէուվեն վստահեցուց, որ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին պիտի թափէ բոլոր ջանքերը երկկողմ կապերը աւելի ամրապնդելու եւ խորացնելու ուղղութեամբ:
Դեսպանը իր հաւատարմագիրներուն պատճէնը յանձնեց արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին: Ալեքս Վան Մէուվենի խնդրանքով Նալբանդեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման ուղղուած Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերը` այս ծիրին մէջ անդրադառնալով 27 հոկտեմբերին Փարիզի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին:

